Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին ընտրութիւններ կան՝ նահանգային թէ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Ամերիկացիք պիտի ուղղուին դէպի քուէատուփերը, ընտրելու նահանգապետներ, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, ծերակուտականներ եւ կամ «այո»-«ոչ» քուէարկելու զուտ նահանգային բնոյթի առաջարկներու:
Ժողովրդավար դրութեան խարիսխը ազատ ընտրութիւններն են: Հոն է, որ ժողովուրդը լսելի կը դարձնէ իր ձայնը եւ կ’արտայայտէ իր կամքը:
Մենք եւս, իբրեւ այս երկրի լիիրաւ քաղաքացիներ, իրաւունքը (եւ պարտաւորութիւնը) ունինք լսելի դարձնելու մեր ձայնը: Մենք եւս ունինք մեր համակրած կամ հակակրած թեկնածուները:
Հայ Դատի Յանձնախումբը արդէն իսկ ճշդած է իր զօրակցութիւնները: Այս որոշումը չի տրուիր տուեալ թեկնածուի կուսակցական պատկանելիութեան հիման վրայ: Այսինքն, որոշումը կապ չունի ենթակային դեմոկրատ կամ հանրապետական ըլլալուն հետ: Այլ՝ ուղղակի կ’առնչուի այն հանգամանքին, թէ թեկնածուն որքանո՞վ օգտակար եղած է ամերիկահայութեան եւ կամ ինչքանո՞վ պատրաստ է օգտակար ըլլալու ամերիկահայութեան շահերուն ի նպաստ կեցուածք ճշդելու իր նոր պաշտօնին բերումով, եթէ ընտրուի:
Թիւր է այն մտածողութիւնը, ըստ որուն Հայ Դատի յանձնախումբերը կը համակրին Դեմոկրատ կուսակցութեան պատկանող թեկնածուներուն: Տարիներէ ի վեր, օրինակի համար Ֆրեզնոյի մէջ, Յանձնախումբը կը զօրակցի Ճորճ Ռատանովիչի, որ հանրապետական է եւ նոյնքան ատենէ ի վեր դիրք ճշդած է Ուեսթ Վըրճինիայի ծերակուտական Ռապըրթ Պըրտի դէմ, որ դեմոկրատ է: Յանձնախումբի զօրակցութեան ցուցակը կ’ընդգրկէ երկու կուսակցութիւններէ թեկնածուներ: Չափանիշը, ինչպէս ըսինք, ամերիկահայութեան շահերուն նկատմամբ անոնց որդեգրած կամ որդեգրելիք դրական կեցուածքն է եւ ոչ թէ իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնը: Այսքան պարզ ու յստակ:
Ընտրութիւնները քաղաքական գործընթացին մաս կը կազմեն: Ամերիկահայութիւնը պարտաւոր է բարձրացնելու իր մասնակցութեան տոկոսը այս գործընթացին՝ աւելի մեծ թիւով մասնակցելով քուէարկութիւններուն: Եւ այս մասնակցութիւնը միայն օգտակար կրնայ ըլլալ բոլորիս: