
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Վերջերս Պոլսոյ մէջ արձանագրուեցան հակահայ երկու դէպքեր, որոնք մեծ յուզում յառաջացուցին տեղւոյն հայ համայնքին մէջ։
Նախ, 20էն 21 Յուլիսի գիշերը, քաղաքին երբեմնի հայահոծ Նառլըգափը թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի նախկին սանուց միութեան կեդրոնը, որ այժմ կը վերանորոգուի եւ ուր աշխատանքները գրեթէ հասած էին իրենց աւարտին, յարձակումի ենթարկուած է։ Անծանօթներ գողցած են համակարգիչներ, հեռարձակման (projection) գործիք մը եւ անոր մեծ պաստառը, ինչպէս նաեւ այլ գործիքներ ու իրեր, պատճառելով նաեւ նիւթական վնասներ։
Իսկ 22 Յուլիսին, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն 21ամեայ Առլէն Տեմիրհան ենթարկուեցաւ յարձակումի։ Պարզուեցաւ, որ փողոցը ծագած վիճաբանութեան մը պատճառով, Առլէնին վրայ յարձակած են չորս անձեր։ Անոնք հայ երիտասարդը անխնայ ծեծած են՝ իրենցմէ մէկուն կնոջ իբրեւ թէ «ծուռ նայած» ըլլալուն համար։ Հայ երիտասարդը բաւական ծանր վիճակի մէջ՝ փոխադրուած է հիւանդանոց, ներքին գործարանները լրջօրէն վնասուած ըլլալով։
Իրաւապահ մարմինները երկու դէպքերուն գծով հետաքննութեան ձեռնարկած են ։ Տեմիրհանի վրայ յարձակած չորս անձերէն միայն մէկը ձերբակալուած է, սակայն ան ազատ արձակուած է՝ վերահսկողութեան տակ պահուելու պայմանով։
Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան այս գծով կատարած է գրառում մը, որուն մէջ ան արարքին դրդապատճառը որակած է «ցեղապաշտական»։
«Յարձակողներուն՝ 45 քիլօ կշռող Առլէնը սպաննելու նպատակով ծեծած ըլլալը, իսկ մեղաւորներուն անպատիժ մնալը զիս կը ստիպեն կասկածելու, որ կատարուածը ատելութեան հիմքով յանցագործութիւն է։ Առլէնը հա՞յ ըլլալուն համար ծեծած են», գրած է Փայլան։