ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդոցմէ շատեր ուրիշներու վրայ իրենց ունեցած վստահութեան զոհ կ՛երթան: Դաւաճանութեան երկկողմանի տեսակ մըն է ասիկա: Դաւաճանութիւն բառը լսելով, ամէն մարդ օտարէն եկող արարք մը կը նկատէ զայն: Սակայն, այս խնդիրին առաջին երեսը կը վերաբերի ինքնադաւաճանութեան, որովհետեւ դուն քեզի դէմ կը դաւաճանես, երբ ամբողջական վստահութիւն կ՛ունենաս ուրիշներու վրայ, քու անձնական խնդիրներուն վերաբերող հարցերու մասին անոնց պատմելով:
Ամբողջական վստահութիւն չկա՛յ աշխարհի վրայ: Ամէնէն մտերիմ շրջանակի մէջ եւս դաւաճանութիւններ անպակաս եղած են անցեալին, անպակաս են այսօր եւ ապագային ալ դեռ պիտի ըլլան: Ուրեմն, եթէ ամէնէն մտերիմ շրջանակին մէջ կը պատահին դաւաճանութիւնները, որքան աւելի ակնկալելի են անոնք՝ մեզի համար օտար կամ մեզմէ աւելի հեռու շրջանակներէ: Դաւաճանութեան առաջին պատճառը նախանձն է, որմէ այնքան կը փորձեն պաշտպանուիլ մարդիկ, կամ որքան զգուշութիւն ձեռք կ՛առնեն, որպէսզի չվնասուին նախանձ ունեցող անձերէ:
Գաղտնապահութիւնը, ոմանց կարծիքով ի ծնէ՝ Աստուծմէ տրուած հարստութիւն մըն է: Գիտութիւնը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ծինային փոխանցումներով, սերունդէ սերունդ, բնաւորութեան որոշ գիծեր կը ժառանգեն մարդիկ իրենց նախնիներէն: Մենք ալ կը կրկնենք նոյնը, որովհետեւ թէ՛ մեր անձին մէջ եւ թէ ուրիշներու քով նշմարած ենք ատիկա:
Յաջողակ մարդոցմէ շատեր որոնց հետ բախտ ունեցեր ենք զրուցելու, իրենց յաջողութեան գաղտնիքը տեսած են գաղտնապահ ըլլալուն մէջ: Անոնք մինչեւ իրենց այս կամ այն մեծ ծրագիրին իրագործումը, ոչ ոքի ըսած են անոնց մասին, այլ լուռ ու ծածուկ աշխատած են, երբեմն գիշերներ լուսցնելով: Ըստ նոյն մարդոց՝ ձախողակ մարդիկ ընդհանրապէս իրենց կատարելիք գործին աժան քարոզչութեան զոհ կ՛երթան, չկարենալով աւարտին հասցնել նախածրագրուած գործ մը: Իրօք, տեսիլք ունեցող մարդիկ կրնան ըլլալ ասոնց շարքերուն մէջ, որոնք մեծ իտէալներով ճամբայ կ՛ելլեն, սակայն ճամբու կիսուն կը տարուին երազանքով, ու այդ երազներուն մասին կը պատմեն իրենց շրջապատին…։
Գաղտնապահ մարդոց յաջողութեան բանալիներէն մէկն ալ այն է, որ անոնք իրենց ունեցած ձախողութիւններուն մասին ալ լուռ կը մնան: Նոյն կացութեան մատնուած մարդոցմէ ոմանք սակայն, լաց ու կոծով ամէն դուռ կը բաղխեն, իրենց ձախողած ըլլալուն լուրը անձամբ կը տարածեն ու փորձառուներու օժադանակութիւնը կը հայցեն: Ասոնցմէ ոմանք կը հիասթափուին եւ երբեմն ամբողջութեամբ կը կործանին, երբ իրենց սպասած ակնկալութեան ճիշդ հակառակը՝ անտարբերութեան կը հանդիպին…: Պատահած է նաեւ, որ քեզի մտիկ ընողը անտարբեր ձեւացնելով, նոր հորեր փորած է, որպէսզի աւելի խոր փոսի մէջ իյնալով՝ երբեք չկարենաս դուրս գալ: Աշխարհը լեցուն է չար մարդոցմով, որոնք մեր արթուն եղած կամ քնացած պահուն չարիք կը սերմանեն: Ձախողութիւններուդ մասին պատմելը ամբողջութեամբ անիմաստ եւ անմիտ քայլ է: Անոնց սրբագրումէն ետք կեանքի նոր էջ բանալը միայն քեզի վերապահուած եւ սեփական ուժերովդ նուաճելի արարք մըն է: Մարդկային ընկերութեան մէջ, հազուագիւտ են ցաւակից կամ վշտակից մարդիկը, որոնք բարոյական բարձր դաստիարակութիւն ունեցող եւ իրենց հոգիին մէջ աստուածավախութեան սերմը աճեցուցած անձեր են: Հոգեւոր մեծ փորձառութեան արդիւնք է այս երեւոյթը, որ մարդս կրնայ նոյնիսկ ինքնաբիւրեղացման առաջնորդել, իսկ մահէն ետք՝ սրբութեան պսակին արժանացնել:
Մարդկային զգացումները եւս շատ անձնական են: Ներքին յուզումները, հոգեկան ցաւերը, անձնական խնդիրներու համար զգացուած վիշտն ու մորմոքը էապէս անձնական երեւոյթներ են: Ոմանք այն կարծիքին են, որ ներքին զգացումները, ինչպէս վիշտը, ուրիշներուն պատմելով՝ աւելի կը թեթեւնան: Հին սերունդին պատկանողներ կը թելադրէին առուին պատմել, որպէսզի բարձրաձայն արտաբերուի վիշտը եւ միւս կողմէ, ջուրն ալ «առնէ ու տանի» այդ տխրութիւնը: Հակառակ չենք այս վերջին ձեւին, որ հոգեբանական գիտութեան նախնական ձեւերէն կարելի է համարել:
Ներկայ յառաջադէմ դարուն, յատկապէս արեւմտեան բազմակնճիռ կեանքի տխուր երեւոյթներու սարդոստայնին մէջ յայտնուած դժբախտներուն օժանդակելու համար յառաջացած են բազմաթիւ նոր «արհեստներ», որոնք հոգեբուժութեան անուան տակ մասնագիտացած, պատրաստ են ժամերով ունկնդրելու դժբախտութեան մէջ յայտնուած մարդոց պատմած ցաւերը: Արդէն վաճառականութեան վերածուած այս երեւոյթը, որ բազմահազար ծանուցումները զիրար կը խաչաձեւէ համացանցերու եւ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ, շատերը կը բռնէ իրենց թակարդին մէջ, հսկայական գումարներ կորզելով ողորմելիներէ:
Վերոյիշեալ միամտութիւնը չարեաց փոքրագոյնը կ՛ուզենք համարել, որովհետեւ այդ «մասնագէտներ»ուն քով երթալէ բացի, դժբախտութեան մէջ յայտնուողները յաճախ իրենց ծանօթին ու անծանօթին պատրաստ են պատմելու այն, ինչը իրենց դժբախտութեան պատճառ հանդիսացած դէպքն է: Ամուսնական դժբախտութիւններ, գործի վերաբերեալ անյաջողութիւններ, հիւանդութիւններու բերումով յուսալքումներ եւ այլ յուսահատական պահեր, դժբախտներէն ոմանք ինքնակամ կը ներկայացնեն ուրիշներուն:
Դժբախտաբար երբեմն մէկ հոգի չի՛ գտնուիր, որ անկեղծութեամբ անոնց ըսէ.
_ Բարեկա՛մ, քու ներքին զգացումները ունկնդրողներուն քանի՞ տոկոսը իսկապէս պիտի ցաւակցի քեզի… կամ քանի՞ տոկոսը այդ պահուն, քանի մը վայրկեան քեզի հետ մտահոգուելէ ետք, պիտի շարունակէ մտածել ունեցած դժուարութեանդ մասին…։
Աշխարհի մարդկութեան քսան տոկոսը եթէ տագնապող է ուրիշներու դժուարութիւններով (զոր իրօք ընտրեալ խումբ կրնանք կոչել), որոնց շարքին կարելի է դասել ոչ միայն ընկերասէր մարդոց տեսակը, այլեւ մարդասիրական կազմակերպութիւններ եւ նպաստամատոյց ընկերութիւններ, միւս ութսուն տոկոսը սակայն, անհոգ է ուրիշին ցաւով: Անձնասիրութենէն բացի, իւրաքանչիւր մարդու բազմազբաղ կեանքը եւ խճողուած առօրեան առիթ չի՛ տար, որ մարդիկ նոյնիսկ ժամանակ տրամադրեն լսելու ուրիշին հոգեկան ցաւը կամ տագնապահար հոգիի մը խնդիրները:
Վերոյիշեալ երեւոյթին գործնական օրինակները շատ են: Տեսած ենք, թէ ինչպէս իրենց ծանօթին յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելէ եւ բոլոր հարազատներուն ցաւակցելէ ետք, վշտակիցներ իրենց առօրեայ կեանքին վերադարձած են, եւ թաղմանական արարողութենէն անմիջապէս ետք ուղղուած խրախճանքի սրահներ: Ինքնարդարացման եւ հոգեպէս հանգստանալու ձեւ մըն ալ գտած են նման անձեր՝ վերյիշեցնելով ծանօթ ասացուածքը. «Մահը ի՛ր ճամբով, կեանքը ի՛ր ճամբով»:
Սորվեցա՞ր դասդ…։ Ամէնէն անձնական զգացումներդ մի հրապարակեր, իսկ անոնցմով տագնապիլն ու զանոնք հանդարտեցնելու գործը միայն քեզի՛ վերապահէ, որովհետեւ ուրիշին հոգն անգամ չըլլար, թէ դուն այդ պահուն ի՞նչ տառապանք կը կրես ներքնապէս: