Կիրակի երեկոյեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի քանդուած շտեմարանէն բաժիններ փուլ եկան, առանց վնասներ պատճառելու: Փուլ եկած բաժինները շտեմարանին հիւսիսային բաժինի երկու սիւներն են, որոնք երեք շաբաթէ ի վեր ենթակայ էին հրդեհի:
Այդ դէպքէն ետք, լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներ փութացին մարելու շտեմարանին մէջ տակաւին բռնկող հրդեհը:
Կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ նաւահանգիստին մօտակայքը ապրող բնակիչները պէտք է փոշիէն զգուշանան եւ «Էն. 95» դիմակներ օգտագործեն, ինչպէս նաեւ փակեն իրենց տուներու դռները եւ պատուհանները: Եասին ընդգծեց, որ արձակուած փոշին թունաւոր չէ, սակայն նախընտրելի է զայն չշնչել:
Էշրեֆիէի, Քարանթինայի, Ժըմմէյզէի եւ նաւահանգիստի շրջակայքի բնակիչները, որոնք շարունակեցին իրենց կեանքը բնականոն կերպով, կոչ ուղղեցին ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն ելեկտրական հոսանքէ չզրկելու զիրենք, որպէսզի կարենան իրենց տուներուն օդափոխիչները օգտագործել:
Միւս կողմէ, Լիբանան հասաւ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Փարիզ, Պրիւքսէլ եւ Աթէնք կատարած իր այցելութիւններէն ետք, Հոքշթայն պիտի ուղղուի Պէյրութ՝ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները շարունակելու համար: Նախարարութիւնը հաստատեց ծովային սահմանագծումի իմաստով լուծման մը յանգելու կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ լուծումը կարելի է իրականացնել միայն բանակցութիւններու եւ դիւանագիտական միջոցներու ընդմէջէն:
Հոքշթայն Կիրակի օր, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ: Հանդիպումէն ետք, Ֆայեատ յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնացը լիբանանցի պատասխանատուներուն «նոր եւ դրական առաջարկ մը» ունի ներկայացնելիք: Ֆայեատ հերքեց բոլոր այդ տեղեկութիւնները, որոնք կ՛անդրադառնան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միացեալ հորատումի կարելիութեան:

Հոքշթայն եւ Շիա հանդիպումներ ունեցան նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ, քննելով ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:
Նախքան Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումը, «Հըզպալլա» հրապարակեց կարճ ժապաւէն մը, որուն մէջ ցոյց կը տրուի Իսրայէլի կողմէ Քարիշի նաւթահոր բերուած հորատման ու պեղման բոլոր նաւերը եւ հարթակները, որոնք կը գտնուին Միջերկրականի ջուրերու վիճելի շրջանին մէջ՝ ընդգծելով, որ անոնք կրնան թիրախ դառնալ իրեն համար:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ «Հըզպալլա»ի պատրաստած ժապաւէնը լիբանանեան պետութեան կեցուածքը չի ներկայացներ:
Վերջապէս, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթի Կիրակի օրուան թիւով հրապարակուեցաւ լուր մը, որ կը հաստատէր, որ Իսրայէլ շատ լուրջ առաջարկ մը ներկայացուցած է սահմանագծումի թղթածրարին իմաստով՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ լաւատես է, որ Լիբանանի հետ սահմանագծումի բանակցութիւններու դրական փուլ մը պիտի արձանագրուի: