ՊՈԼԻՍ․- Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Անգարա կը կարծէ, որ Մոսկուա պիտի կատարէ Պոլսոյ համաձայնագիրի պայմանները` ռուսական որոշ արտադրութիւններու մատակարարման սահմանափակումները ջնջելու եւ ուքրանական հացահատիկի արտածման հարցին մէջ Ռուսիոյ աջակցութեան վերաբերեալ, հաղորդեց թրքական «Սթար» օրաթերթը:
Ըստ անոր, իրականացման փուլի մէջ պիտի կատարուի շատ դժուար քրտնաջան աշխատանք:
«Հակառակ արգելքի կամ պատժամիջոցներու բացակայութեան` ռուսական հացահատիկը զանազան պատճառներով չէր կրնար արտածուիլ, եւ այս համաձայնագիրը կը բխի նաեւ Ռուսիոյ շահերէն», ըսաւ Քալըն: