Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 10 Յուլիսին, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի «Խաթուն Սարեան» բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախ Երեկոյ»ն՝ կազմակերպուած Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին կողմէ եւ նուիրուած՝ Լիբանանի մէջ Համազգայինի Մելանքթոն Արսլանեան ճեմարանին:
Ներկայ էին շուրջ 100 հիւրեր, համազգայնականներ, Համազգայինի համակիրներ եւ որոշ թիւով նախկին Նշան Փալանճեանի ճեմարանականներ:
Յայտագիրի սկիզբը, ջութակարարուհի Սիրանուշ Հովայեան նուագեց գեղեցիկ մեղեդիներ:
Ներկաները վայելեցին վարչութեան անդամներու կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերը:
«Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան կատարեց բացման խօսքը՝ ներկայացնելով պաշտօնական հիւրերը՝ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչԿարօ Գամարեան եւ կոմիտէի ընկերներ, Համազգայինի Շրջանայինի վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լեւոն Շանթի թոռնիկը՝ Լեւոն Շանթ. որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քահանայ Խաչատուրեանը, որպէսզի օրհնէ սեղանները:
Երեկոն խանդավառեց գաղութիս սիրուած երգիչ՝ Շահէ Սըգայեանը, ժողովրդական ճոխ երգերով:
Մասնաճիւղիս վարչականներէն Ժագ Արմուտիքեան խօսք առաւ եւ բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, Ճեմարանի տարած կարեւոր աշխատանքը հայ մշակոյթի պահպանման համար եւ Ճեմարանի աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ վարչութիւնս որոշած է ձեռնարկի հասոյթը նուիրել Ճեմարանին: Երեկոյին ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ եւ ճեմարանականները միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը:
Մայրամուտին, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր Համազգայինի եւ Ճեմարանի պատմութիւնը: Ցոյց տրուեցան նաեւ Ճեմարանի ուսուցիչներու, դասարաններու եւ ներկաներուն մօտ հետաքրքրական եւ հաճելի յիշատակներ արթնցնող զանազան այլ նկարներ:
Սրտի խօսք արտասանեց 1960ի շրջանաւարտ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան: Ան խօսեցաւ Ճեմարանին բերած նպաստին` հայակերտման, եւ պատմեց հին օրերու հաճելի դրուագներ: Ան շեշտեց Համազգայինի կարեւոր դերը դպրոցներ հիմնելու, օրինակ բերելով Մարսէյի Ճեմարանը, որ հակառակ Լիբանանի պատերազմի ծանր օրերուն, Համազգայինի Կեդրոնականը ճիգ եւ նիւթական ներդրում չէր խնայած անոր նեցուկ կանգնելու: Ան խօսքը աւարտեց՝ ընդգծելով, որ «Համազգայինը դպրոց կը բանայ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԴՊՐՈՑ ՉԻ՛ ԳՈՑԵՐ»:
Խանդավառ մթնոլորտը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները բաժնուեցան մեծ գոհունակութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղէն)