ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 26րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ։
Այս տարուան ձեռնարկին, «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակով պիտի մեծարուի Մարք Կիրակոս, «Տարուան տղամարդը» մրցանակով՝ Արեգ Պոյամեան, իսկ «Տարուան կինը» մրցանակով՝ Սոնա Աշճեան։
«Տարուան կամաւոր» մրցանակները պիտի ստանան Արաքս Պատալեան, Էրիք Մարգարեան եւ Մէյկըն Հարապիտ։
Նաեւ, «Տարուան Կազմակերպութիւնը» մրցանակը պիտի յանձնուի Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան, իսկ «Տարուան ընկերութեան» մրցանակը՝ «Թէյպըլ2Ֆիլմզ»ին։
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը պիտի ստանձնէ հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան: Պիտի իրականացուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 231-9501, (626) 695-9899, (323) 663-3609 թիւերուն կամ info@abmdr.net հասցէին: