ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զեկոյցով մը անդրադարձաւ 2022ին Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու դրական եւ բացասական կողմերուն՝ շեշտելով, որ վերջին քանի մը տարիներուն, Հայաստան ներդրումներու միջավայրին վերաբերող միջազգային ցանկերուն վրայ շարունակաբար դրական արժեւորումներ ստացած է։
Զեկոյցին մէջ Հայաստանի տարածքին իբրեւ ամերիկեան յատկանշական ներդրումներ ներկայացուած են Որոտանի ջրելեկտրակայանի ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի ContourGlobal ընկերութեան կողմէ եւ ոսկիի հանք մը մշակելու Lydian ընկերութեան ջանքերը։ Ամերիկեան այլ ներդրումներ կան նաեւ դրամատնային, ուժանիւթի, դեղագործութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ հանքային ոլորտներուն մէջ։
Կը շեշտուի, որ հակառակ ներդրումներ սիրաշահելու՝ կառավարութեան ջանքերուն, Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընել փորձողները կը շարունակեն դիմագրաւել շարք մը մարտահրաւէրներ, որոնց կարգին են՝ համեմատաբար փոքր շուկայ ըլլալու հանգամանքը, աշխարհագրական մեկուսացումը՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումին պատճառով, արդարադատութեան տկար դիրքը եւ զեղծարարութեան մթնոլորտը, որոնց պատճառով ներդրումները սահմանափակ կը մնան։
Միւս կողմէ, կը նշուի, որ Հայաստան հազուագիւտ սահմանափակումներ ունի ընկերութիւնները օտարներու տնօրինութեան տակ պահելու եւ սեփականութեան գծով, օտար դրամանիշերու փոխանցումներու դիմաց սահմանափակումներ չունի եւ դրամատնային հաստատ համակարգ ունի, ինչ որ ներդրումներ խթանելու դրական տուեալներ են յատկապէս ամերիկացիներուն համար, որոնք կրնան օգտուիլ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած ներդրումներու համաձայնագիրի պայմաններէն։
Զեկոյցին մէջ կը խօսուի նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած՝ տնտեսութիւնը բարեկարգելու եւ զեղծարարութիւններու դէմ դնելու քայլերուն մասին՝ շեշտելով, որ մրցակցութեան մակարդակը կը շարունակէ բարելաւուիլ, սակայն անհրաժոշտ են յաւելեալ բարեկարգումներ յատկապէս՝ տուրքերու, մաքսերու, առողջապահութեան, կրթութեան, զինուորական եւ օրէնքի պարտադրութեան մարզերէուն մէջ։
Կան հարցեր նաեւ սեփական մարզի գործարարներուն եւ կառավարութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ եւ կը նկատուի, որ պետական պաշտօնատարները միջոցները չունին ծագած տարակարծութիւնները արագօրէն լուծելու։