Ամերիկեան ռազմական օդանաւերու նոր ապսպրանքները Յունիսին գրեթէ կրկնապատիկ աճ արձանագրած են, կը հաղորդէ «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատուական գործակալութիւնը։
Առեւտուրի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռազմական օդանաւերու եւ անոնց պահեստի մասերու նոր ապսպրանքները Մայիս ամսուան հետ բաղդատած՝ աճած են 81 տոկոսով։
Ապսպրանքները շարունակաբար աճ արձանագրած են վերջին ինն ամիսներուն, հակառակ փոխադրական հատուածին դիմագրաւած անկայունութեան։