
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Անգարայի մօտ Ռուսիոյ ռազմական կցորդը հրաւիրուեցաւ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան կեդրոնը, հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ թրքական դիրքի մը ռմբակոծումէն ետք, որուն պատճառով երեք թուրք զինուորներ վիրաւորուեցան եւ մէկը սպաննուեցաւ։
Անգարա ռուս կցորդին ազդարարեց, թէ «նման յարձակումի մը կրկնութեան պարագային, թրքական կողմի արձագանգը շատ տարբեր պիտի ըլլայ»։
Կցորդին նաեւ հաղորդուեցաւ, որ «Սուրիոյ վարչակարգին յարձակումները պիտի պատժուին ամէնէն կոշտ կերպով»։
Միւս կողմէ, իրաքեան ապահովական աղբիւր մը հաղորդեց, որ հիւսիսային Իրաքի Մոսուլ քաղաքի այն շրջանը, ուր կը գտնուի թրքական հիւպատոսարանը ռմբակոծուած է: Երկու հրթիռներ ինկած են հիւպատոսարանին մօտ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ ։
Նաեւ, ինքզինք «Սարայա Ապապիլ» կոչող իրաքեան զինուորական խմբաւորումը ստանձնեց ականուած անօդաչու թռչող սարքով մը հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական ռազմակայանին վրայ յարձակումին պատասխանատուութիւնը: