ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներուն մէջ Նոյեմբեր 1ին սկսան 2007ի պետական ամավարկի մասին օրէնքի նախագիծի քննարկումները, որոնց ընթացքին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան, ակնարկելով պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Ատրպէյճանի ծախսերուն, յայտարարեց, թէ Հայաստան պատրաստ է հակադարձելու որեւէ տեսակի ոտնձգութեան:
Քննարկման ընթացքին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան նշեց, որ անցեալ եւ 2007ի ամավարկերու նախագիծերը տրամաբանական շարունակութիւնն են 2003ին կառավարութեան կողմէ ուղենիշ հռչակուած չքաւորութեան յաղթահարման ռազմավարական ծրագիրին:
Վարչապետը նշեց, որ անցեալ տարիներուն կատարուած աշխատանքը նպաստած է երկիրի տնտեսութեան զարգացումին եւ տնտեսական աճի բարձր չափանիշներու պահպանումին:
Ան յայտնեց նաեւ, որ 2007ի ամավարկի ծախսային մասերով աճ կը նախատեսուի բոլոր ուղղութիւններով. առողջապահութեան, ընկերային ապահովութեան, գիտութեան եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար կարեւորագոյնը համարուող պաշտպանութեան ոլորտին մէջ:
Ըստ վարչապետ Մարգարեանի, թէեւ երկիրի պաշտպանութեան ոլորտին համար նախատեսուած գումարներու աճը Ատրպէյճանի հետ համեմատած բաւարար չէ, սակայն «հաշուի առնելով մեր պաշտպանութեան համակարգում առկայ կազմակերպուածութեան աստիճանը, մարտունակութիւնը, մինչ այդ եղած հէնքը, մեզ չպէտք է սարսափեցնի յատկացուելիք գումարների տարբերութիւնը»:
Վարչապետը շարունակեց ըսելով. «Մենք կարող ենք ցանկացած պահի հակահարուած տալ ցանկացած ոտնձգութեան մեր պետութեան նկատմամբ»:
Ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեան, ներկայացնելով ամավարկի նախագիծը նշեց, որ կառավարութեան կ’առաջարկուի ամավարկի եկամուտները հաստատել 489.5 միլիառ դրամ, ծախսերը՝ 557.8 միլիառ դրամ: Նախագիծի հաշուարկներուն համաձայն, համախառն ներքին արդիւնքի աճը պիտի կազմէ 9 տոկոս, սղաճը 4 տոկոս՝ 1.5 տոկոս տարուբերելու հնարաւորութեամբ: Տոլարի փոխարժէքի հաշուարկային մեծութիւնը կ’առաջարկուի սահմանել 357 դրամ: