Այս շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցներուն մասին Հայաստանի վարչապետի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւններ, սակայն կը թուի, թէ Պաքու դժգոհ է, որ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ զրոյցին ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, քննուած է նաեւ հայ-ատրպեճանական խաղաղ բանակցութիւններուն ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան նիւթը։
Ըստ ատրպէյճանական դիւանագիտական աղբիւրէ մը haqqin.az կայքին հասած տեղեկութիւններուն՝ Ալիեւի եւ Պլինքընի զրոյցին Մինսքի խումբի մասին որեւէ յիշատակում չէ եղած, ու այս առթիւ, աղբիւրը «անկեղծ տարակուսանք» յայտնած է այդպիսի ակնյայտ ապատեղեկատուութեան փաստին առնչութեամբ»՝ զայն «ծայրայեղ անտեղի եւ նոյնիսկ անպատասխանատու» անուանելով։
«Պատշաճ եւ ճիշդ չէ քննել մոռցուած ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի վերակենդանացման գաղափարը», գրած է ատրպէյճանական haqqin.az կայքը։