
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համաճարակին, ինչպէս նաեւ փառատօնի հիմնադիրին մահուան պատճառով, 2020ին առցանց տեղի ունեցած եւ 2021ին ջնջուած Կլենտէյլի Շարժապատկերի միջազգային փառատօնը պիտի վերադառնայ իր կազմակերպական աւանդական ծրագիրին, 29 Սեպտեմբերէն 6 Հոկտեմբեր իրականացնելով ցուցադրութիւններ, քննարկումներ, հարցազրոյցներ, ուսանողներու յատուկ մրցումներ եւ այլ հաւաքներ։
Կլենտէյլի Շարժապատկերի միջազգային 8րդ փառատօնին ցուցադրուելիք ֆիլմերու ցանկը եւ ձեռնարկներու մանրամասն տեղեկութիւնները պիտի հրապարակուին Օգոստոսին։
Քաղաքի Արուեստներու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուող փառատօնին մասին մանրամասնութիւններու համար դիմել msahakian@glendalearts.org հասցէին կամ (818) 243-2611 թիւին։