Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 23 Յուլիսին հանդիպում մը ունեցաւ Քալիֆորնիա հաստատուած «Փարոս» բարեսիրական հիմնարկի պատուիրակութեան հետ, գլխաւորութեամբ հիմնարկի գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեանի:
Բեգլարեան կարեւոր համարեց հիմնարկին կողմէ իրականացուած եւ իրականացուող զանազան ծրագիրները եւ աշխատանքները: «Պետութեան եւ բարեգործական կազմակերպութիւնների միջեւ ներդաշնակ փոխգործակցութիւնն առաջնահերթօրէն պայմանաւորում եմ կարիքների գնահատման եւ առաւել ուղղորդուած ու թիրախային գործունէութիւն ծաւալելու մէջ: Կառավարութիւնը այս առումով վճռական է տրամադրուած եւ պատրաստ է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունենալ», ըսաւ Բեգլարեան:
Իր կարգին, Ապաճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Բեգլարեանին՝ ջերմ ընդունելութեան համար, ապա ներկայացուց հիմնարկին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն ուղղութիւնները, որոնք միտուած են պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող այլ հարցերու լուծման:
Հանդիպման ընթացքին, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Արցախի համայնքներուն մէջ կարողութիւններու հզօրացման, կրթութեան եւ աշխատանքի կարելիութեանց վերաբերող շարք մը հարցերու շուրջ: