ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ իրականացուող շարք մը ծրագիրներ՝ պատանեկան ճամբարներ, վարժողական ծրագիրներ, ճանաչողական այցելութիւններ եւ արշաւներ, կը կատարուին Սփիւռքի ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արա Պուլուզեան հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Արցախ ժամանած խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներու հետ, որոնց հետ միասնաբար կ՛իրականացուին վերոնշեալ ծրագիրները:
Ա. Մոսիյեան ողջունեց երիտասարդները Արցախի մէջ եւ նշեց, որ Արցախի համար այս ծանր շրջանին դաշնակցական երիտասարդներուն ներկայութիւնը շատ ոգեւորիչ է թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական-պատանեկան միութիւններու համար:
Դաշնակցական երիտասարդներն ալ իրենց կարգին ողջունեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միշտ սատար կանգնելու միութեան:
Երիտասարդները ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ քննարկեցին ընթացիկ եւ ապագայ ծրագիրները: