ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Վիրաբոյժ-ուռուցքաբան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի առողջապահութեան գծով խորհրդական: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան:
«Վստահ եմ, որ սա լրացուցիչ մեխանիզմ (գործիքակազմ) կը դառնայ պարոն Բաբլոյեանի ներուժն ու մեծ փորձառութիւնն ի սպաս դնելու Արցախի առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտութեան շարունակական բարելաւման գործին, առաւել եւս, որ արդէն մտնում ենք ոլորտի ռազմավարութեան նախագծի վերջնականացման ու իրագործման փուլ: Ինձ համար մեծ պատիւ է ունենալ նման մարդկային, մասնագիտական ու պետական որակներ խտացնող անձի անվերապահ աջակցութիւնը եւ շնորհակալ եմ պարոն Բաբլոյեանին՝ իմ խնդրանք-առաջարկը սիրով ու անմիջապէս ընդունելու համար», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Բեգլարեան: