ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցը՝ զայն շատ կարեւոր քայլ նկատելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորին:
«Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն է: Եւրոպական Միութիւնը, յատկապէս` Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ ողջունած էին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կապերու բնականոնացման գործընթացը յառաջ մղելու ջանքերը: Կը կարծեմ, որ այդ հեռաձայնային զրոյցը շատ կարեւոր քայլ է: Յոյս ունիմ, որ ասիկա իրապէս պիտի տանի դէպի բնականոնացում՝ ի բարօրութիւն երկու երկիրներուն», նշեց ան։
Վիքթորին ընդգծեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ նոր եւ յստակ քայլեր կը սպասուին: «Այո՛, կը սպասենք: Հայաստանի կառավարութեան գաղափարն է, եւ սեղանին արդէն իսկ կայ առաջարկ բանալու հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար: Կը տեսնենք, թէ այս նախաձեռնութիւնը ինչ զարգացում պիտի ունենայ, եւ այո՛, նոր, յստակ, լաւ քայլերու կը սպասենք բնականոնացման առումով», ըսաւ Վիքթորին։