
Մեծապէս յուսախաբ ենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները արգիլեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու Համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը հայրենիք:
Երեքշաբթի օր, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը հասած պահուն իսկ, Փափազեան անմիջապէս ուղեկցուեցաւ դէպի մեկնումի սրահը, ուր իրեն ըսուեցաւ, որ ինք Հայաստանի համար «անբաղձալի անձնաւորութիւն» մըն է:
Այն իրողութիւնը, որ Փափազեանին առիթ չէ ընձեռուած խօսելու եւ ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը օգտագործելու՝ կասկածի տակ կը դնէ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի իշխանութեան սկզբունքներուն նկատմամբ՝ Հայաստանի իշխանութիւններու յանձնառութիւնը, ինչ որ մեծապէս վտանգի տակ կը դնէ միջազգային ընտանիքին մօտ Հայաստանի վարկը, յատկապէս երբ անիկա Եւրոպական Միութեան (որուն անդամ է Ֆրանսա) աւելի մերձենալու նպատակներ կը հետապնդէ:
Հայաստանի իշխանութիւններու այս քայլը կը յիշեցնէ յետ-սովետական Հայաստանի անկախութեան շրջանի այն մռայլ օրերը, երբ ատենի իշխանութիւնները հրապարակած էին իրենց իսկ հայրենիքը մտնելու արտօնութիւն չունեցող հայերու սեւ ցանկ մը: Բարեբախտաբար այդօրինակ միջոցառումները վերջ գտան այդ վարչակարգին տապալումով:
Տասնամեակներ շարունակ, հայ ժողովուրդը պայքարեցաւ (եւ երազեց նաեւ) անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մը համար, զոր իր սեփականութիւնը պիտի համարէր: Ոեւէ հայու իր հայրենիքը մտնել արգիլելը բոլորովին կը հակասէ անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան մը ամէնէն հիմնական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն:
Կը դատապարտենք ոեւէ հայու Հայաստան մտնելու իրաւունքը մերժելու՝ Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ