ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 7 Յուլիսին հանդիպում ունեցաւ Իրանի Հանրապետութեան Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ:
Անոնք ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան կայուն զարգացման միտումը եւ այդ պարունակին մէջ շեշտեցին երկկողմ տնտեսական փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը եւ անոր զարգացման անհրաժեշտութիւնը:
Հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս Սիւնիքի զարգացման պարունակին մէջ, շեշտը դրուեցաւ Իրանի Չապահար նաւահանգիստի կարեւորութեան վրայ: Երկուստեք բարձր գնահատեցին կողմերուն պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համագործակցութիւնը Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի եւ Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծիրին մէջ:
Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը՝ շեշտելով, որ այդ գործընթացին մէջ միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չի քննարկուիր: Ալի Շամխանի նշեց, որ վերոնշեալի պարունակին մէջ պէտք է յարգուին պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները:
Գրիգորեան նաեւ ներկայացուց Հայաստանի մօտեցումները տարածաշրջանային ապահովութեան երաշխաւորման եւ ապաշրջափակման վերաբերեալ, որուն գծով Շամխանի ընդգծեց Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Հարաւային Կովկասի ապահովութեան պահպանման:
Ալի Շամխանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ կարեւոր նկատեց Իրանի հետ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Ալի Շամխանի նշեց, որ Իրան եւս շահագրգռուած է զարգացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ: Ալի Շամխանի ընդգծեց, որ Իրան անընդունելի կը նկատէ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան որեւէ փորձ եւ նշեց, որ իր երկիրը եւս կը սատարէ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացին՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ծիրին մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան տարբեր ուղղութիւններով հայ-իրանեան համագործակցութեան զարգացման հիմք հանդիսացող տնտեսական կապերու ամրապնդման, կարեւոր նկատեցին առեւտուրի շրջանառութեան, ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնումը: