ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ-թրքական վերջին պայմանաւորուածութենէն օրեր ետք, 7 Յուլիսի կառավարութեան նիստին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարեց հայաստանեան գերատեսչութիւններուն՝ համակարգուած աշխատիլ Թուրքիոյ պետական կառոյցներուն հետ, որպէսզի ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կեանքի կոչուի՝ նշելով, որ քաղաքական պայմանաւորուածութիւն կայ, բայց այդ աշխատանքէն կախեալ է անոր իրականացումը:
Նախորդ շաբաթ, Վիեննայի մէջ, Հայաստանի ու Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն՝ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի չորրորդ հանդիպումէն ետք, Երեւան եւ Անգարա յայտարարեցին, թէ պայմանաւորուեցան կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութիւն ապահովել երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, մեկնարկել ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացներու սկսիլ:
Փաշինեան չյստակացուց, թէ ի՛նչ աշխատանքներ պիտի կատարուին եւ ժամանակի ի՛նչ պատկերացումի մասին է խօսքը: Փոխադրութեան հարցերով կը զբաղի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը, որ «Ազատութեան» խոստացած է քանի մը օրէն մանրամասնութիւններ հաղորդել:
Հայաստանի հետ օդային եւ ցամաքային սահմանները Թուրքիա միակողմանիօրէն փակեց 1993ին: Օդային սահմանը վերաբացուեցաւ 1995ին, եւ հակառակ փակ ցամաքային սահմանին, Թուրքիա Հայաստանի հիմնական առեւտրական գործընկերներէն մէկն է: Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան՝ նախորդ տարի, երկկողմ առեւտուրը կազմած է 73.5 միլիոն տոլար:
Կառավարութիւնը այն կարծիքին է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու վերաբացումը լուրջ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, թէեւ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան խուսափեցաւ թիւեր տալէ:
Գրեթէ 50 տարի երկաթուղիի բնագաւառին մէջ աշխատած, այսօր Երկաթուղիի վեթերաններու միութեան ղեկավար Լեւոն Յակոբեանի համաձայն՝ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի հետ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը թեքնիք առումով կարճ ժամանակի հարց է, որովհետեւ հայաստանեան հատուածին մէջ՝ Գիւմրիէն մինչեւ Թուրքիոյ սահմանը, կամ Երասխէն մինչեւ Ատրպէյճանի սահմանը, վերականգնողական մեծ աշխատանքներու կարիք չկայ:
«Որպէս մասնագէտ՝ կարող եմ ասել՝ կարճ ժամանակ, մի տարի չի տեւի, աւելի շատ երեք ամիս, վեց ամիս, այդպէս կարող եմ ասել: Կախուած է ֆինանսաւորումից եւ կախուած է, թէ ինչ ձեւով: Բայց այսօրուայ դրութեամբ գիծը գոյութիւն ունի, կայ, բայց պիտի վերանորոգուի, որովհետեւ այդքան տարի փայտակոճղերը լրիւ, ամբողջովին վատ վիճակում են գտնւում ու այսօր չենք կարող դա շահագործենք, մինչեւ մենք չպատրաստուենք դրան», ըսաւ Յակոբեան:
Ըստ անոր՝ եթէ Վանաձորի երկաթուղին կապուի Ֆիոլետովոյին՝ շուրջ 20 քիլոմեթր հաշուող հատուած մը, ուր կ՛ընթանայ Երեւանէն Իջեւան ուղղուող երկաթուղին, իսկ այնտեղէն բացուի դէպի Ղազախ գացողը, Թուրքիոյ համար Կարս-Գիւմրի-Վանաձոր-Իջեւան-Ղազախ երկաթուղին աւելի կարճ պիտի ըլլայ, քան Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիս-Աղստաֆան: «Այսպէս, Երեւանը կը կարողանայ տարանցման շահաւէտ տարբերակ առաջարկել Անկարային ու Բաքուին», դիտել տուաւ Յակոբեան: