ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Տը Կարտիըն»ը կը գրէ, որ բրիտանացի իրաւաբան-իրաւապաշտպան Հելենա Քենետիի կողմէ հաստատուած հետազօտութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա պէտք է կանգնի միջազգային դատարանին առջեւ` եզիտիներուն դէմ ցեղասպանական արարքներու մեղսակցութեան համար, մինչդեռ Սուրիա եւ Իրաք չեն կատարած սպանութիւնները կանխելու իրենց պարտականութիւնը:
Զեկոյցին մէջ, որ գրուած է խումբ մը յայտնի իրաւաբաններու կողմէ, փորձ կը կատարուի ընդգծելու պետութիւններու պարտադիր պատասխանատուութիւնը` իրենց հողերուն վրայ ցեղասպանութիւն կանխելու, նոյնիսկ եթէ անիկա կը կատարուի երրորդ կողմի` «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) կողմէ:
Արդարադատութեան եզիտիական կոմիտէին (YJC) կողմէ միաւորուած իրաւաբանները յայտնեցին, որ, ըստ միջազգային իրաւունքին, պետութիւնները ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու պատասխանատուութիւն ունին՝ Ցեղասպանութեան մասին ուխտին համաձայն: Կոմիտէի նախագահ, թագաւորական փաստաբան սըր Ճեֆըրի Նայս եզիտիներու ցեղասպանութիւնը կը բնուդագրէ իբրեւ «խելագարութիւն»:
«Ներկայիս գոյութիւն ունեցող գործիքակազմերը կրնային փրկել եզիտիները անկէ, որ ներկայիս անոնց անցեալի մասնակի ոչնչացման մաս կը կազմէ», յայտնեց ան։
Ընդունուած է, որ 2013էն սկսեալ, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութեան փորձերու ձեռնարկուած են՝ կրօնական փոքրամասնութիւն հանդիսացող եզիտիներուն դէմ: Զեկոյցը, որ պատրաստուած է 13 երկիրներու վարքագիծին վերաբերեալ, եռամեայ հետաքննութենէ ետք, կ՛եզրակացնէ, որ անոնցմէ երեքը չեն կատարած ցեղասպանութիւնը կանխելու իրենց պարտականութիւնը:
Թուրքիոյ պարագային, կոմիտէն աւելի հեռու կ՛երթայ՝ մեղադրելով առաջնորդները ջարդերուն մեղսակցութեան մէջ` պնդելով, որ անոնք վերահսկողութիւն չեն հաստատած իրենց սահմաններուն վրայ, որպէսզի կանգնեցնեն «Իսլամական պետութեան» զինեալները, որոնց մէջ՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներու զգալի մասի ազատ հոսքը:
Կոմիտէն կը յայտարարէ, որ Ապրիլ 2014էն ի վեր, թուրք պաշտօնեաները աչք փակած են եզիտի կիներու եւ մանուկներու վաճառքին, տեղափոխութեան եւ շահագործման դիմաց եւ օգնած են «Իսլամական պետութեան» հետ կապ ունեցողները՝ պատրաստուելու Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ պայքարելու համար` այդպիսով ուժեղացնելով ցեղասպանութիւն գործադրողները:
«Թուրք պաշտօնեաները տեղեակ եղած են, եւ/կամ միտումնաւոր կերպով աչք փակած այն ապացոյցներուն դիմաց, զորս այդ անձերը պիտի օգտագործէին եզիտիներուն դէմ արգիլուած գործողութիւններ իրականացնելու համար», կը նշուի զեկոյցին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ նոյնպիսի մեղադրանքներ ուղղուած են Պարսից ծոցի կարգ մը երկիրներու նկատմամբ, որոնց կարգին Քաթարի դէմ, սակայն բաւարար ապացոյցներ չեն ներկայացուած: