ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԹՈՒՄՕի «42 Երեւան» ծրագրաւորման անվճար դպրոցը ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 100 նորարարական համալսարաններու 2022ի ցանկին վրայ՝ գրաւելով 8րդ դիրքը։ Ցանկին վրայ կան MIT-ի, Սթենֆըրտի եւ Պըրքլիի նման հեղինակաւոր համալսարաններ:
Ծրագրաւորման դպրոցը նաեւ առաջինն է WURI-ի (Իրական ազդեցութիւն ունեցող աշխարհի համալսարաններու կազմակերպութիւն) «Լաւագոյն 50 բարոյագիտական արժէք ունեցող համալսարաններ» ցանկին վրայ:
«42 Երեւան»ը ծրագրաւորման անվճար դպրոց է, որիուն նպատակն է՝ կրթել ոլորտի ապագայ լաւագոյն մասնագէտները: Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ գործող համալսարանը մասնաճիւղեր ունի Ֆրանսայի, Պրազիլի, Հարաւային Քորէայի, Ռուսիոյ, Հոլանտայի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ: