ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Պաքու դատապարտեց Հայաստանի զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատարութեան անձնակազմի կառավարման գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Սահակ Սահակեանի՝ նախօրէին Երեւանի մէջ զօրակոչի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, որոշում կայ Արցախի մէջ միայն պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցընելու մասին. Արցախի մէջ ծառայութեան գրաւչութեան համար մշակուած է ծրար մը, որ պայմանագրայինները մեկնին ծառայութեան, ընդ որում, խօսքը հիմնականին մէջ արցախցիներուն մասին է:
«Հայաստանի պաշտօնական անձերու այդ յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ խաղաղութեան մասին հայկական կողմի խօսքերը ոչինչ են, քան՝ երկերեսութիւն», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւան` պնդելով, որ այդպիսով հայկական կողմը կը խախտէ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները:«Մինչ ատրպէյճանական կողմը քայլերու կը ձեռնարկէ յետ-հակամարտութեան շրջանին մէջ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ, հայկական կողմի նման վերաբերմունքւ բացայայտօրէն ցոյց կու տայ անոր շահագրգռուածութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւնը վերականգնելու, այլ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու համար», ըսաւ Ապտուլաեւան: