Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ կատարուելիք Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը Անթիլիասէն ուղղակի պիտի պատկերասփռուի` Ուրբաթ, 1 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9էն (Լոս Անճելըսի ժամանակացոյցով) սկսեալ, «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի «Ֆէյսպուք»ի էջերուն վրայ: Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն տեղի կ՛ունենայ 7 տարին անգամ մը:
