ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Աննա Վարդապետեանը ընտրեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազ: Զայն առաջադրած էր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
Ազգային ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 70 պատգամաւորներ, որոնք բոլորն ալ թեր քուէարկեցին:
Գլխաւոր դատախազի ընտրութեան հարցի քննարկման եւ քուէարկութեան ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորները չմասնակցեցան:
Գլխաւոր դատախազը իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ազգային ժողովի մէջ տրուած երդումով, որ տեղի պիտի ունենայ 15 Սեպտեմբերին։