ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Վերջերս, Իրաքի Հայոց թեմի աոաջնորդ ընտրուեցաւ Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեան:
Արդարեւ, 13 Մայիս 2022ին, Իրաքի Հայոց առաջնորդարանի սրահին մէջ, Պաղտատ, թեմի նախկին առաջնորդին եւ հոգեւորականաց դասին ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու Թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին ընթացքին կատարուեցաւ նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած թեկնածուներէն քուէարկութեան արդիւնքով Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեան:
Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան. իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ. եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի սան, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1986ին:
Յունիս 1986էն մնչեւ Ապրիլ 1987 ծառայած է՝ իբրեւ կաթողիկոսութեան քարտուղար, ապա Էջմիածինի մէջ ձեռնադրուած է աբեղայ, կուսակրօն քահանայ՝ Գանատայի թեմի նախկին առաջնորդ Վազգէն արք. Քէշիշեանի ձեռամբ: 1987-1988 թուականներուն ծառայած է՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ Գանատայի Բրիտանական Քոլոմպիա նահանգի Վենքուվըր քաղաքին մէջ: 1988ին, Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան պաշտպանած է իր թէզը Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին՝ Օշականի վանքին մէջ, եւ ստացած է վարդապետի աստիճանը:
1989ին, ան իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ եւ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: 1990էն 1993 ծառայած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի Ռեչմընտ քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա ուսումը շարունակած է Ռեչմընտի Աստուածաբանական ճեմարանին եւ Վըրճինիայի Համագործակցութեան համալսարանին մէջ:

1993ին նշանակուած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ լուսարարպետ, իսկ 1994ին՝ Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
Մայամիի մէջ աշխատանք տարած է վարձու շէնքին փոխարէն եկեղեցւոյ համար մշտական ??շէնք մը հաստատելու գործով. ձեռնարկած է Հարաւային Ֆլորիտայի մէջ նոր եկեղեցւոյ կառուցման եւ աշխուժօրէն մասնակցած է դրամահաւաքի ու հողի գնման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական շէնք եւ մշակութային կեդրոն կառուցելու աշխատանքին: Այդ ջանքերուն արդիւնքը եղած է Ֆլորիտայի ներկայ Սուրբ Մարիամ եկեղեցին:
1997ին, Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան եղած է Մեսեչուսեց նահանգի Չելմզֆորտ քաղաքի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ ազդու կերպով մասնակցած է եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգման համար դրամահաւաքի կազմակերպման ու ղեկավարման գործերուն:
2001ին ան նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 1700ամեակի յանձնախումբի կազմին մէջ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ: Իսկ 2002ին օժանդակած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի զարգացման գրասենեակին՝ Նիւ Եորքի մէջ, եւ իբրեւ այցելու հովիւ ծառայած է թեմի եկեղեցիներուն: 2003ին ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում՝ հովուերգութեան քարոզչութեան մէջ, նաեւ՝ կրօնական ուսուցման վկայական՝ Ինտիանա նահանգի Երրորդութիւն Աստուածաբանութեան ճեմարանէն:
Աւելի ուշ, նոյն տարուան ընթացքին, ան նշանակուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ հովիւ, իսկ 2005ին ստանձնած է Հայկական մարդասիրական ակադեմիոյ կառավարիչի պարտականութիւնը՝ Հնդկաստանի հայկական բոլոր եկեղեցիներու հովուութեան կողքին: Այդ ժամանակաշրջանին, հիմնովին վերանորոգած է դպրոցական համալիրը եւ երկու եկեղեցիներ Պենկալի մէջ, Հնդկաստան: Ան այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ Մայիս 2009, ապա վերադարձած է Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմը, ուր նշանակուած է Փենսիլվենիա նահանգի Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոն ծառայած է մինչեւ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուիլը եւ Պաղտատ փոխադրուիլը Յուլիս 2022ին:
Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան,18 Յունիս 2022ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ժամանեց Պաղտատ՝ ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեանի, եւ դիմաւորուեցաւ ազգային պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ:
Հայր սուրբը իր անդրանիկ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Պաղտատի աթոռանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 24 Յունիս 2022ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ. ներկայ էին նաեւ Պետական ներկայացուցիչներ, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար Ալեք Ղարիպեան, եւ քոյր համայնքներու եկեղեցականներ:
Կը շնորհաւորենք հայր սուրբին ընտրութիւնը եւ սրտանց կ՛աղօթենք, որ Ամենակալ Տէր Աստուած իրեն պարգեւէ անսպառ ուժ ու կարողութիւն, առողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն իր նոր առաքելութեան մէջ:
Այս առիթով, նաեւ կը շնորհաւորենք Իրաքի հայ գաղութը, որ միշտ եղած է ամէնէն փայլուն հայկական գաղութներէն մին՝ իր եկեղեցասէր եւ ազգասէր զաւակներով, եւ վստահ ենք, որ անիկա իր նորընտիր՝ նուիրեալ ու եզակի հոգեւոր պարգեւներով օժտուած, երկարամեայ բազում փորձառութիւններու հեռանկարով հարստացած խանդավառ առաջնորդ, Օշական վարդապետ Կիւլկիւլեանի հովուական խնամքին տակ պիտի շարունակէ ապրիլ ազգային-հոգեւոր արժէքներով, պիտի մնայ հաւատարիմ իր ինքնութեան ու պիտի նուաճէ նոր բարձունքներ:
hampomg@yahoo.com
Լոս Անճելըս, Յունիս 2022