20-24 Յունիս 2022ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովի 18րդ հանդիպումը: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս ժողովին կը ներկայացնեն Ս. Աթոռի միաբաններէն Մակար եպս. Աշգարեան եւ Պօղոս Ծ. վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար). իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցան Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Տիրան եպս. Պետրոսեան:
Սոյն ժողովին ընթացքի վերջնականացաւ եօթը խորհուրդներուն գծով ժողովականներու մօտեցումները խտացնող եւ աշխատանքին մասին զեկուցող միացեալ յայտարարութիւնը, որ ստորագրուեցաւ համաատենապետներուն կողմէ:
Եօթը խորհուրդներու եզրակացութեան յաջորդեց նախօրօք որոշուած Մարեմաբանութեան նիւթի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի յաջորդ հանդիպման ընթացքին եւս:
Ժողովականները առիթը ունեցան Ֆրանսիս պապին հետ հանդիպելու եւ ժողովի աշխատանքներուն մասին անդրադառնալու ու յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներուն մասին տեղեակ պահելու:
Ժողովի վերջին նիստին որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք ուսումնասիրութիւններու նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ Ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կեդրոնին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս:
