ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 22 Յունիսին մասնակցեցաւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կազմակերպութեան եւ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Ֆորում 405» կրթական համաժողովին՝ «Ինչպէս նորարարութեան եւ առաջնորդութեան միջոցով սկիզբ տալ հայկական վերածնունդին» խորագիրով:
Նախարարը ողջունեց նախաձեռնութիւնը, որուն շրջանակին մէջ Հայաստանի ու Արցախի կրթական համակարգերու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ կը քննարկեն ներկայի մարտահրաւէրները, կիրարկուող լուծումները եւ ապագայի կատարելիքները:
Բեգլարեան անդրադարձաւ յետ-պատերազմեան իրականութեան մէջ դասաւանդման եւ ուսումնառութեան առանձնայատկութիւններուն ու հարցերուն:
«Պատերազմի հետեւանքով, ինչպէս Արցախի ամբողջ հասարակութեան, այնպէս էլ կրթական համակարգում ծագել կամ սրուել են բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, որոնք բացասական անդրադարձ են ունենում կրթութեան որակի վրայ՝ ազդելով բոլոր հիմնական դերակատարների՝ աշակերտների, ուսուցիչների ու ընտանիքների վարքի ու հոգեբանութեան վրայ: Մենք պարտաւոր ենք արդիւնաւէտ ու նորարարական լուծումներ տալ այդ հիմնախնդիրներին՝ ձգտելով մի կողմից չէզոքացնել դրանց բացասական ազդեցութիւնը, միւս կողմից՝ ճգնաժամն օգտագործել որպէս հնարաւորութիւն վերածննդի ու հետագայ զարգացման համար: Այստեղ գլխաւոր դերը պատկանում է ուսուցիչներին, որոնց պէտք չէ միայնակ թողնել՝ աջակցելով վերապատրաստումներով ու մշտական խորհրդատուութեամբ, իսկ աշակերտները պէտք է լինեն ներառական, գործնական ու գաղափարական ուշադրութեան ներքոյ», նշեց Բեգլարեան: