ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ օդանաւային իշխանութիւնները «Flyone Armenia» ընկերութեան կարելիութիւն չտուին Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի Լիբանան թռիչքներ կատարելու (overflight), այդ պատճառով, ընկերութիւնը ստիպուած է մինչեւ 21 Յուլիս չեղարկելու Երեւան-Պէյրութ-Երեւան թռիչքները: Այս մասին յայտնեցին ««Flyone Armenia» ընկերութենէն:
«Նշենք, որ Երեւան-Ստամբուլ-Երեւան, Երեւան-Փարիզ-Երեւան եւ Երեւան-Լիոն-Երեւան երթուղով չուերթերն իրականացւում են համաձայն չուացուցակի: Դէպի Բէյրութ չուերթերի վերսկսման վերաբերեալ կը տրուի համապատասխան տեղեկատուութիւն: Ընկերութիւնը հայցում է ուղեւորների ներողամտութիւնը պատճառուած անյարմարութիւնների հետ կապուած», յայտնեց ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ընկերութիւնը հետեւեալ այլընտրանքները կ՛առաջարկէ իր յաճախորդներուն՝ թռիչքի թուականի փոփոխութիւն, Credit Shell գումարի 110 տոկոսի վերադարձ՝ ճամբորդի «Flyone» անձնական հաշիւ. միայն տոմսեր՝ գնուած կայքին կամ յաւելուածին մէջ, եւ չեղարկուած թռիչքի տոմսի գումարի ամբողջական վերադարձ։