ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Կելըփ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ 26էն 28 Մայիս 2022ին կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, հարցախոյզին մասնակցած Հայաստանի քաղաքացիներուն 89.3 տոկոսը ըսած է, որ անընդունելի՛ է, «որ Արցախի բնակչութեան տրամադրուի ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէ»ջ: Հարցուածներուն միայն 4.4 տոկոսը այդ մէկը նկատած է ընդունելի:
Հարցուածներուն 51 տոկոսը բացասաբար վերաբերած է 22 Մայիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոմիութեան նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ բանակցութիւններու արդիւնքներուն: Հարցուածներուն միայն 34.7 տոկոսը դրական գնահատած է բանակցութիւնները: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները համաձայնած են ապաշրջափակել երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկութեան կապերը եւ կառուցել Հայաստանի տարածքով անցնող ցամաքային ճամբայ՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:
Հարցուածները կը կարծեն, որ Հայաստան կրնայ զէնք ստանալ Ռուսիայէն (48.1 տոկոս), Ֆրանսայէն (13.9 տոկոս), Միացեալ Նահանգներէն (6.4 տոկոս), Իրանէն (1.7 տոկոս), ՀԱՊԿէն՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (1.1 տոկոս), ՆԱԹՕէն (0.5 տոկոս) եւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդէն (0.1 տոկոս):
Աւելի կանուխ, «Կելըփ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ 2էն 6 Ապրիլ 2022ին կատարուած հարցախոյզին համաձայն, հարցուածներուն 57.2 տոկոսը չէր կարծած, որ «Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ատակ են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի շահերէն բխող եւ ընդունելի պայմաններով խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ատրպէյճանի հետ»: իսկ 30.4 տոկոսը կը կարծէր, որ այդ մէկը կարելի է:
Հարցումին, թէ ո՞վ է մեղաւոր Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած լարուածութեան համար, 43.8 տոկոսը նշած է՝ Ատրպէյճանը, 27 տոկոսը պատասխանատուութիւնը դրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, 14.1 տոկոսը՝ ռուս խաղաղապահները, 6.1 տոկոսը՝ Արցախի իշխանութիւնները, իսկ 3.5 տոկոսը մեղքը բարդած է Թուրքիոյ վրայ: Հարցուածներուն 47.7 տոկոսը բացասական գնահատած է վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքը, մինչդեռ 38.8 տոկոսը՝ դրական:
Հարցուածները գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած են երկու մասի. մէկ մասը ըսած է, որ Փաշինեան պէտք է հրաժարական տայ (41.7 տոկոս), իսկ միւս մասը՝ պէտք չէ հրաժարական տայ (38.7 տոկոս):
Հարցումին, թէ ո՛ր կուսակցութեան օգտին կը քուէարկէին, եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենային մեր օրերուն, 20.4 տոկոսը պատասխանած է, որ կը սատարէր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, 12 տոկոսը աջակցութիւն յայտնած է խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, իսկ 1.7 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ին: Այսուամենայնիւ, հարցուածներուն 28.8 տոկոսը ըսած է, որ չէր քուէարկեր որեւէ կուսակցութեան օգտին: Իշխող կուսակցութեան վարկանիշը կտրուկ անկում ապրած է 70.4 տոկոսէն, երբ 2018 թուականին Փաշինեան առաջին անգամ իշխանութեան եկաւ, եւ ա՛լ աւելի նուազած՝ 20 Յունիս 2021ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոր կուսակցութեան ստացած ձայներու 53.9 տոկոսէն:
Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս «կը գնահատեն Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը», հարցուածներուն 66.5 տոկոսը (երկու երրորդը) տուած է բացասական պատասխան, մինչդեռ միայն 22.3 տոկոսը դրական կարծիք յայտնած է:
Հարցումին, թէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին համար ինչպիսի՞ լուծում կը տեսնեն, հարցուածներուն 27.6 տոկոսը փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, 26.6 տոկոսը առաջարկած է խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կատարել, 21.8 տոկոսը կողմ եղած է անցումային կառավարութեան ձեւաւորման, իսկ 11.4 տոկոսը փափաք յայտնած է, որ աւելի մեծ ճնշում գործադրուի ընդդիմութեան վրայ:
45.6 տոկոսը դէմ արտայայտուած է ընդդիմութեան բողոքի վերջին ցոյցերուն, իսկ 32.5 տոկոսը նշած է, թէ կո՛ղմ է անոնց:
46.1 տոկոսը կողմ արտայայտուած է Հայաստանի ոստիկանութեան՝ ցուցարարներու հետ առճակատման, մինչ 37.2 տոկոսը քննադատած է այդ մէկը:
Իբրեւ պատասխան այն հարցումին, թէ մասնակցողները «կո՞ղմ են Թուրքիոյ հետ, առանց նախապայմաններու, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման», 68 տոկոսը ըսած է, որ դէմ է, մինչդեռ միայն 26.3 տոկոսը կողմ արտայայտուած է:
Եզրափակելով՝ պէտք է նշել, որ հայ հանրութիւնը շատ պառակտուած է երկրի ներքին հարցերուն առնչութեամբ: Կան վարչապետ Փաշինեանին սատարողներ եւ կան անոր փոխարինումը նախընտրողներ: Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը զգալիօրէն վատացած է Հայաստանի մէջ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Սփիւռքի մէջ, 2018ին անոր վայելած նախնական արտասովոր ժողովրդականութեան համեմատ:
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առնչութեամբ Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն հարցերուն ի տես, հայերուն մեծ մասը շատ բացասական տրամադրուած է որեւէ զիջումի մասին, իրենց երկու թշնամի-դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:
Վերոնշեալ հարցերէն քանի մը հատին պատասխանողները ոչ մէկ կասկած կը ձգեն, թէ վարչապետին յաճախակի պնդումը, որ ինք ունի «ժողովուրդին մանտաթը»՝ այլեւս չի համապատասխաներ իրականութեան: Փաշինեանի եւ անոր կուսակցութեան վարկանիշը զգալիօրէն նուազած է, յատկապէս 2020 թուականի պատերազմին մէջ Հայաստանի ջախջախիչ պարտութենէն ետք: Անոր կուսակցութիւնը յաղթած է անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած ընտրողներուն մօտաւորապէս 25 տոկոսով, ինչ որ Հայաստանի ընդհանուր բնակչութեան փոքր տոկոսն է:
Քանի որ Սփիւռքի մէջ նման հարցախոյզեր տեղի չեն ունենար, ոչ ոք գիտէ Փաշինեանի ստոյգ վարկանիշը սփիւռքահայերուն մօտ: Ամէն բան կը վկայէ այն մասին, թէ անոր վարկանիշը Սփիւռքի մէջ եւս կտրուկ անկում արձանագրած է, ինչպէս Հայաստանի մէջ: Առ այդ, հակառակ վարչապետին չափազանց բարձր վարկանիշին, երբ ան 2018ին առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, ներկայիս, անոր հետեւորդները կը կազմեն հայերուն շատ աւելի փոքր մասը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ