ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Համեստ բառ էր անիկա. ունէր իմաստի բիւրեղեայ յստակութիւն, աղբիւրն էր քնարական միտքերու: Իսկ այնքան անթիւ, անհամար եւ բազմահազար էին անոր գրական գիծերը, որոնք լաբիւրինթոս մը կրնային կազմել հայկական մատենագրութեան մէջ: Յարգելի ընթերցող, երբ բիւր ազատամարտիկներ բիւր յարգանքի կ՛արժանանան հայրենիքիս մէջ, երբ հայու բիւրաւոր գլուխներ կը ջանան մէկ սիրտ ըլլալ երկիրը ցնցող բիւրալեան հարուածներու դէմ, անցեալ շաբաթ որոշած էի «բիւր» բառի միջնադարեան ոդիսականը գրի առնել: Եւ ի՛նչ հրաշք, այդ բառը իր չորս տառերուն մէջ, վանական բանաստեղծներու եւ աշխարհիկ տաղասացներու գրիչին տակ յաջողած էր պարունակել սէր ու ծիծաղ, ինչպէս նաեւ՝ վէրք ու վիշտ: Իսկ այսօր, «բիւր» բառը կը ներկայանայ աւելի ժամանակակից, քնարական տարազի մէջ: Արդ, ձեզի կը մատուցանեմ աչքառու ծաղկաքաղ մը:
«Բիւր» բառը հայկական միջնադարեան մատենագրութեան մէջ թշնամիի վրայ մեր արձակած նիզակներու եւ նետերու թիւն էր: Ապա, անիկա դարձաւ «անարժան» ու «անարհեստ» վանականներու եւ տաղասացներու գործած մեղքերուն թիւը: 19րդ դարու սկիզբը, Խրիմեան հայրիկներ, Գարեգին Սրուանձտեանցներ «բիւր» բառը գործածեցին հայու սիրտն ու մարմինը խոցող հարուածներուն թիւը չափելու համար: Գարեգին եպիսկոպոսը, սակայն, մեզի բացատրեց, թէ Պինկէօլը քնքոյշ դրախտ էր, նման էր պճնազարդ կոյսի, քանզի ունէր բիւր աղբիւրներ ու բիւր տեսակ ծաղիկներ. «Բիւր աղբերաց եւ հազար ականց բոլորը բիւր տեսակ բուսոց եւ ծաղկանց փռուած են»:
Սրուանձտեանցի հայրենանուէր եւ լաւատես արուեստէն ներշնչուած՝ անկասկած, «բիւր» բառով զարդարուած բիւրաւոր երգեր հիւսեցին մեր քնարական գրիչները: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Ազգային սահմանադրութեան վերահաստատութեան ցնծալից օրերուն ըսաւ, թէ անհետացաւ «սեւ փոթորկալից» անցեալը ու պայծառօրէն եկաւ «Բիւր երջանկութիւն, սահմանադրութիւն, սահմանադրութիւն»: Բանաստեղծը օր մը խօսք արտասանեց համազգային նորակերտ ժողովարանի մը բացման առիթով ու փառք տուաւ բարերարին. «Երանի՜ ու բիւր երանի՜ այն համեստ բարերարին»: Պետրոս Դուրեան մերթ կը տրտմէր ազգի վիշտերով, մերթ կ՛օրօրուէր սիրոյ զգացումով: Ահա փունջ մը անոր քնարէն. «Բոյլ-բոյլ, բիւր-բիւր ոգիք թռան տրտմալիք, որ ուրացողք քեզ բացին բիւր-բիւր՝ սեւ-սեւ գերեզման» («Վիշտք Հայուն»), «Ես ուզեցի սիրել զեփիւռ… Նա չը սիրեր խոցել երբե՛ք… Գիտէ շոյել երազներ բիւր» («Սիրել»), «Աշնան տժգոյն գիշեր մըն էր ձմրահուպ, Կը ցոլային երկինքն աստղեր բիւր ՝ ասուպ» («Աշնան տժգոյն գիշեր մը»), «Որքան ունիս դու փրփուր՝ Սիրտս այնքան խոց ունի բիւր» («Լճակ»): Միսաք Մեծարենց, 1902 թուականին, Սեբաստիոյ մէջ տառապեցաւ մերժումի ցաւէն. «Այն օրէն, երբ սեւ բաժակն այդ թոյնի / Ըմպեցի ես, սիրտս բիւր-բիւր կ՛արիւն»: Սիրոյ տողիկ մը մեզի նուիրեց Լեւոն Քիրիշճեանը. «Ես բիւր անգամ համբուրեցի մատներն Անոր»: Մատթէոս Զարիֆեանի սիրտը պարուրուեցաւ սիրոյ վերյիշումով. «Այս գիշեր, / Բիւր-բիւր աստղով երկնքին տակ, / Ահա նորէն, / Ծունկի եկած, ճակատս յանձնած ծառի մը գութին, / Իրե՛ն է որ կը մտածեմ… Բիւր անգամ չըսի՞, թէ ալ չեմ սիրեր… Բիւր անգամ / Ծունկի ալ գամ / Չե՜ն ունենար աչքերս արցունք»: Ռուբէն Սեւակ իմաստասիրեց երջանկութեան մասին. «Երջանկութիւնն կը ծածանի / Քու ծիրանի շուրթիդ վրան. / Հաւատացողին բիւր երանի / Բիւրեր ճամբուդ վրայ մեռան»: Մէկ այլ բանաստեղծութեան մը մէջ, ան նկարագրեց «Գնով գիշերը». «…Օդին մէջ գգուանք, / օդին մէջ գաղջ բոյր. / Բի՜ւր, բիւր դիցանոյշ կարծես շշնջէր»: Ու վերջապէս իր մատները քնարի վրայ դրաւ Դանիէլ Վարուժանը ու բիւր երգեր ձօնեց Ոսկեմայր դիցուհիին, հասկերուն ու կալերուն: Ահա Վարուժանի տողիկներով կազմուած գրական պատկերներու բոյլ մը. «Քնարիս բիւր լարերը թող թնդա՜ն… Գեղեցկութեան դաշոյնին բիւր հարուածներն հոգւոյս մէջ… Անհունը՝ բիւր աչքերու թարթափով՝ զի՛ս կը կանչէ»: Ապա բանաստեղծը իր սրտի պատգամը հնչեցուց հայ ժողովուրդին՝ «Ռազմի Շեփոր» քերթուածին մէջ.

«Ո՛վ ժողովուրդ,
ո՛վ հայ վիշապ,
ո՛վ Դժոխ,
Ոտքի՜, ոտքի՜,
ալ սթափէ՛, հաւաքուէ՛,
Շողով միացիր,
եւ խաւարէդ ալ լուծուէ՛.
Մինչ բիւր գլուխ՝
մէկ սիրտ եղիր»:
Նոյն օրերուն «բիւր» բառը Պոլսոյ մէջ դարձաւ պարբերաթերթ՝ «Բիւրակն», որուն հիմնադիրը, խմբագիրը եւ արտօնատէրն էր Ստեփան Իւթիւճեան: 1960-70ական թուականներուն, նոյնանուն պարբերաթերթեր լոյս տեսան նաեւ Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ: «Բիւր» բառը նաեւ անուն էր հայրենի բնակավայրերու, զորս բիւր կարօտով կը յիշենք. «Բիւրական»՝ Կարնոյ մարզին մէջ գիւղ, «Բիւրակն»՝ (Պինկէօլ) Սեբաստիոյ նահանգի Հաֆիթ գաւառակի գիւղ, որ իր մօտակայքին ունէր 1000ի հասնող աղի լճակներ, «Բիւրակն»՝ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ, Ակն քաղաքին մօտ ուխտատեղի, «Բիւրակն»՝ լեռնաշղթայ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:
«Բիւր» բառի բիւր երկրպագուներուն միացան նաեւ հայկական գրականութեան արեւելահայ թեւի բանաստեղծներ: Միքայէլ Նալբանդեան ըսաւ, թէ ինք չար ու նախանձ մարդոց թիրախ դարձաւ, հակառակ անոր, որ ազգին մէջ սէր սերմանել կը փորձէր. «Ամէն մի հայի չար վարք ու բարքեր, / Զարկեցին սրտիս բիւր հազար նետեր»: Իսկ Վահան Տէրեան տրտմեցաւ, թէ առանձին է շատերու մէջ. «Բիւր մարդոց մէջ… Որպէս տրտում անապատում – Մենակութի՜ւն, մենակութի՜ւն»:
Յարգելի ընթերցող, «բիւր» բառը անցաւ բիւր փորձանքներէ: Բայց անոնք անհետացան ու մնաց սէրն ու գեղեցիկը, ինչպէս Գուսան Շահէնի երգին արժանացած գեղեցկուհին. «Արեգակը նախանձում է Էդ քու երեսիդ շողին… Հազար էրնէկ, բիւր հազար էրնէկ քեզ բերող ծնողին»: Մինչեւ յաջորդ յօդուածս, կը փափաքիմ, որ բիւր երջանկութեամբ լեցուին ձեր սիրտերը: