
Երեքշաբթի, 21 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանի երէց բարերարուհիներէն Անահիտ Պաղտատլեան եւ դուստրը՝ Սիլվին, փափաք յայտնեցին իրենց մասնակցութիւնը բերելու 1 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքին եւ ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանի ցուցմունքին՝ անոնք սիրայօժար յանձն առին Միւռօնորհնէքի շրջագիծին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն նիւթապէս աջակցիլ:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց ուխտաւորի հաւատքը Անահիտին եւ Սիլվիին, անոնց փոխանցեց վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները եւ մաղթեց կատարեալ առողջութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ