
Կիրակի, 19 Յունիսին, Հայրերու տօնին առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց, որուն ընթացքին, ընթերցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակը՝ քահանայական ծաղկեայ սեւ փիլոն շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանին:

Պատարագիչ առաջնորդին կողքին ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Արսէն քհնյ. Գասապեան, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ: Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Թաթիկեան, շրջանի երեսփոխաններ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բարերարներ, հովանաւորներ եւ հաւատացեալներ:
Իր արտասանած պատգամին մէջ, սրբազան հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կը լեցնէ մեր կեանքը յոյսով ու լոյսով, կը զօրացնէ մեզ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, ապա անդրադառնալով օրուան տօնին՝ ըսաւ. «Այսօր հայրերու տօնն է, եւ մենք կը հրաւիրուինք աղօթելու, որ Աստուած իր օրհնութիւնները անպակաս դարձնէ մեր ազգի բոլոր հայրերուն վրայէն, իսկ այս աշխարհէն մեկնած բոլոր հայրիկներուն հոգիները լուսաւորէ: Այսօր նաեւ մեր Երկնաւոր Հօր Աստուծոյ տօնն է»։ Առաջնորդը ներկաները հրաւիրեց աղօթքի ճամբով փառք, պատիւ ու գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ:
Ծաղկեայ փիլոնի տուչութենէն ետք, առաջնորդը խրախուսեց քահանայ հայրը, երէցկինը եւ զաւակները՝ իրենց հաւատքին մէջ մնալու անսասան եւ նոյն կորովով շարունակելու իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնները եւ համայնքային գործունէութիւնը, վասն պայծառութեան Հայ եկեղեցւոյ:
Յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդ սրբազան հօր ի պատիւ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ Փասատինայի «Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Ետալեան, ատենադպրուհի Մարալ Շիրանեան, եւ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, իսկ եկեղեցւոյ անդամներէն Ալպերթ Չուքատարեան հայրերու տօնին առիթով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յղեց թեմի առաջնորդին, ապա Ամերիկայի Հայ Առեւտրական միութեան անունով անակնկալ մը կատարեց՝ անոր նուիրելով եպիսկոպոսական մատանի մը:
Սիրոյ ճաշի խանդավառ մթնոլորտը եզրափակուեցաւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի գնահատանքի ջերմ խօսքերով եւ հայրական սրտառուչ օրհնութիւններով:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
