ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան պարզաբանեց, թէ ի՛նչ գործընթաց պիտի յաջորդէ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանի պատգամաւորական աթոռէն հրաժարելուն:
«Եթէ լիազօրութիւնները դադարեցւում են, ապա մանդատը (յանձնառութիւնը, պաշտօնը) փոխանցւում է տուեալ ցուցակի հերթական յաջորդ թեկնածուին: Եթէ հերթական յաջորդ թեկնածուն սահմանուած կարգով ներկայացնում է ինքնաբացարկ, ապա մանդատը փոխանցւում է յաջորդ թեկնածուին, որն ինքնաբացարկ չի ներկայացրել: Հետեւաբար՝ խմբակցութիւնը, որն ԱԺում արդէն ունի անուանում, հանդէս է գալիս այդ անուամբ, այդ անուանումը պահպանւում է», յայտնեց Մուկուչեան:
Ընտրական օրէնսգիրքը կը նախատեսէ, որ, եթէ ընտրական ցանկին մէջ այլեւս չկայ թեկնածու, որուն կարելի է փոխանցել այդ աթոռը, անիկա կը մնայ թափուր:
Կարգը այսպէս է՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը ստանայ լիազօրութիւններու դադրեցման վերաբերող արձանագրութիւնը, բայց ներկայ դրութեամբ անիկա նման դիմում չէ ստացած, ստանալէն ետք՝ մէկ շաբաթուան ժամկէտի ընթացքին, յանձնաժողովը, եթէ գոյութիւն ունենայ հերթական յաջորդ թեկնածուներուն վերաբերեալ ինքնաբացարկներու հարց, կը քննէ, եթէ չըլլայ՝ աթոռը ուղղակի կը փոխանցէ հերթական յաջորդ թեկնածուին:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ի՛նչ կը պատահի, եթէ, օրինակ, երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններու բոլոր պատգամաւորները հրաժարին՝ Մուկուչեան ըսաւ, թէ օրէնսգիրքը կը սահմանէ, որ, եթէ ընտրական ցանկի հերթական բոլոր յաջորդ թեկնածուները հրաժարին, եւ ընտրական ցանկին վրայ այլեւս չկայ թեկնածու, այդ պարագային այդ աթոռը կը մնայ թափուր, չի փոխանցուիր ոեւէ այլ անձի: Նշուած պայմաններուն մէջ, խորհրդարանը, ըստ օրէնսդրական կարգաւորումներուն, այդ թափուր աթոռով կը շարունակէ գործունէութիւնը:
«Եթէ մնում է միայն մէկ խմբակցութիւն եւ այդ խմբակցութիւնն ունի 50 տոկոսից աւել պատգամաւորներ, միւսները բոլորը հրաժարուել են, չկայ որեւէ այլ անձ, որ մանդատ փոխանցուի, ապա խորհրդարանը շարունակում է գործել այդ խմբակցութեամբ», յայտնեց Մուկուչեան: