ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Պոլսահայ թատերական կեանքի նուիրեալ գործիչներէն Պօղոս Չալկըճեան մեծարուեցաւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան շքանշանով: Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած շքանշանի տուչութեան միջոցառումին Լեւոն արք. Զէքիեան շքանշանը զետեղեց մեծարեալի լամբակին: Տուչութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Արամ արք. Աթէշեան, պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան, մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ահմետ Միսպահ Տեմիրճան եւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Օրուան հանդիսավարներն էին՝ Թամար Մանկասար եւ Նաթալի Մինասեան: Տուչութեան առթիւ ելոյթ ունեցաւ Պէյօղլուի նախկին քաղաքապետ եւ այժմ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Տեմիրճան: Ան դրուատեց Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի արդի հայ թատրոնին մէջ ունեցած ներդրումը եւ յարատեւութիւն մաղթեց իր անունով շքանշանի տուչութեան համար:
Մեծարեալին կենսագրութիւնը կարճամեթրաժ շարժապատկերի մը միջոցաւ ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին: Ապա ելոյթ ունեցաւ Պօղոս Չալկըճեանի քոյրը՝ միութենական թատրոնի ուխտաւոր Պերճուհի Պէրպէրեան:
Պէրպէրեան սրտախօսիկ նախադասութիւններով բնութագրեց իր կրտսեր եղբօր հանդէպ տածած հոգատարութիւնը, այդ զգացումը վերագրելով մայրական գուրգուրանքին:
Ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ «Քոչ» Համալսարանի բաղդատական գրականութեան դասախօս Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու: Ան Պատմեց Պօղոս Չալկըճեանի հետ Ֆըրաթ Կիւլլիւի միջոցաւ ծանօթանալու ոդիսականը: Ուսլու նշեց, թէ 2010էն սկսեալ Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հայկական թատրոնին նկատմամբ հետաքրքիր շրջանակ մը գոյացած է: Այդ շրջանակը իր գիտելիքներով զարգացնելու գործին մէջ անփոխարինելի է Պօղոս Չալկըճեանի վաստակը: «Պօղոս Չալկըճեան հայ թատրոնի մեծ աւանդութեան կենդանի յուշարձանն է: Այս հողերը մեծ կարիքը ունին նման գործիչներու»:
Արտայայտուեցաւ նաեւ անցեալին Պօղոս Չալկըճեանի հետ թատերական գործունէութիւն տարած եւ Կեդրոնական վարժարանի սաներու միութեան վարչութեան մէջ աշխատակցած Մուրատ Ճաւաք: Ան իր անհատական փորձառութենէն մեկնելով՝ վկայեց, թէ Չալկըճեան բազմաթիւ երիտասարդներու փոխանցած է թատրոնի եւ բեմի հանդէպ սէր եւ գիտութիւն:
Ապա բեմ բարձրացաւ Վիեննայէն ժամանած դուդուկահար Արամ Իփեքճիեան, որ թմբկահար Պուրակ Մեսրոպեանի ընկերակցութեամբ ներկայացուց գողտրիկ ունկնդրութիւն մը:
Պողազիչի համալսարանի բեմական արուեստներու բաժինի գործիչ Ֆըրաթ Կիւլլիւ եւս անդրադարձաւ մեծարեալի ուսանողներուն, հետազօտողներուն, պաշտօնակիցներուն եւ ընկերներուն հետ մշակած մտերիմ յարբերութիւններուն: Ան այս առթիւ գնահատեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ Թատրոնի հիմնարկի համատեղ ջանքերով իրականացած Յակոբ Այվազ ցուցահանդէսին անոր բերած մասնակցութեան: Ապա ելոյթ ունեցաւ Նեսիմ Օգատիա Իսրայէլ, որ յղացած էր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան շքանշանը՝ այս տարի Պօղոս Չալկըճեանի նուիրելու գաղափարը:
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ, «Լուսաւորիչ» երգչախումբը Կոմիտաս վարդապետի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ Քրիստափոր Գարամուրզայի գործերէն բաղկացող համառօտ համերգ մը սարքեց:
Գերապայծառ Զէքիեան շքանշանի տուչութեան պահուն շեշտեց, թէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի շքանշանով կը պարգեւատրուին ոչ միայն հայ մշակոյթի ծառայողները, այլ երկրի մշակոյթին ալ կարեւոր ներդրում բերողները:
Միջոցառումը աւարտին հասաւ Պօղոս Չալկըճեանի երախտիքի խօսքերով:
«ԱԿՕՍ»