

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր օրհնութեամբ եւ տնօրինումով ու ընդառաջ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խնդրանքին, շքանշաններ յանձնուեցան հայ համայնքի կրթական եւ ծխական կեանքին մէջ իրենց անսակարկ ծառայութիւնը եւ նուիրումը բերած ազգայիններու, այսպէս.
«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան յանձնուեցաւ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի վաստակաւոր վարիչ Արսինէ Աղազարեանին, որ իբրեւ մանկավարժ, մօտաւորապէս երեք տասնամեակ անձնդիր ծառայութիւն բերած է հայ համայնքի կրթական կեանքին մէջ:
Նաեւ, «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշան յանձնուեցաւ Խաչիկ Երէցեանին՝ ընդհանրապէս թեմին եւ մասնաւորաբար Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական վերջին քառասուն տարիներու կեանքին մէջ իր ունեցած ծառայական պատկառելի վաստակին համար:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը պարգեւատրեալներուն փոխանցեց իր շնորհաւորանքները՝ կանաչ եւ առողջ օրեր մաղթելով անոնց: