ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի տարածքին սպանդը շարունակուեցաւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, արիւնալի շաբաթավերջէ մը ետք:
Արդարեւ, Երկուշաբթի օրուան բախումներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն 80 քաղաքայիններ, որոնցմէ 33ը սպաննուեցան Պաղտատի՝ շիիներով բնակեցուած Սատր շրջանին մէջ:
Նոյն օրը, ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ երկու ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են, այս ամսուան զոհերուն ընդհանուր թիւը 101ի հասցնելով:
Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, թէ Կիրակի օր Պաղտատի հիւսիսը տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին սպաննուած են 17 զինեալներ։
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Պաղտատի մէջ Շաբաթ օրուան ընթացքին գտնուած են 25 դիակներ, որոնք կը վկայեն, թէ համայնքային սպանութիւնները կը շարունակուին նոյն թափով։
Հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ վարչապետ Նուրի Մալիքիի թիկնապահներէն մէկը վիրաւորուած է Շաբաթ օր անոր ինքնաշարժին վրայ կատարուած յարձակումի մը ընթացքին։ Նոյն օրը, 20 այլ իրաքցիներ զոհ գացին յարձակումներու։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Շաբաթ օր Իրաքի վարչապետին վստահեցուց, թէ կը կանգնի իր կողքին, մինչ դեմոկրատները նախագահը ամբաստանեցին «երազային աշխարհ»ի մէջ ապրելու յանցանքով:
Քոնկրէսի ընտրութիւններէն 10 օր առաջ, Պուշ հարիւրաւոր զինուորներու եւ իրենց ընտանիքներուն առջեւ խօսք առնելով ըսաւ, թէ Իրաքի մէջ կացութիւնը կայունացնելու ծրագիր մը ունի: «Չսխալի՛ք. Միացեալ Նահանգներ եթէ Իրաքէն հեռանայ նախքան իր առաքելութեան աւարտը, ապա թշնամին մեզ պիտի հալածէ մինչեւ հոս. ահա թէ ինչու կը կռուինք Իրաքի մէջ, ահա թէ ինչու պիտի յաղթե՛նք Իրաքի մէջ», ըսաւ Պուշ:
Դեմոկրատ Ճէյմս Ուէպ, որ Վըրճինիոյ մէջ Քոնկրէսի ընտրութիւններուն թեկնածութիւնը առաջադրած է, ըսաւ. «Ճիշդ ղեկավարութեամբ կարելի է լուծել Իրաքի կացութիւնը՝ կայունութիւն բերելով Միջին Արեւելքին եւ նուազեցնելով ահաբեկչութեան սպառնալիքը: Սակայն բանալի բառը «ղեկավարութիւն»ն է, եւ այս վարչակարգին ու իր հետեւորդներուն մօտ նման բան չկայ»: Ուէպ նկատել տուաւ, որ հարկ է «երազներու աշխարհէն»» շարժիլ դէպի «իսկական լուծումներ»: