Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 7 Յունիսին, Հայաստանի նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի 44օրեայ պատերազմին նահատակուած գեղանկարիչ եւ քանդակագործ հերոսներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ նոյն ստեղծագործութիւնները ներկայացնող, «Ես Եմ, Ես Կա՛մ» խորագիրով պատկերագիրքին շնորհահանդէսը։
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան։
Ներկաներուն ուղղուած իր սրտի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ անձամբ ստանձնած է տղոց անուններու փնտռտուքը՝ կապ հաստատելով Հայաստանի զանազան ուսումնական հաստատութիւններու եւ հերոսներու հարազատներուն հետ՝ հաւաքագրելով ստեղծագործական աշխատանքները։ Առաքելեան իր խօսքին մէջ շեշտեց գործի անմահութեան գաղափարը եւ յայտնեց, որ 25 հերոս տղաքը միշտ կան, կ՛ապրին մեր սիրտերուն մէջ, առ այդ, պատահական չէ նախաձեռնութեան խորագիրը։

Օրհնութեան ու զգաստութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, որուն խօսքը ներկաներուն համար հնչեց՝ իբրեւ պատգամ արժանապատուօրէն շարունակելու եւ աւարտելու յանուն հայրենիքի նահատակուած հայորդիներուն գործը։
Ելոյթով հանդէս եկան նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան նախագահ, գրող Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Հայաստանի Գեղարուեստի ակադեմիոյ տնօրէն Արամ Իսաբեկեան, Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական ուսումնարանի տնօրէն Աննա Մնացականեան եւ անմահացած հերոս Խորէն Հաճաթեանի մայրը։
Նախաձեռնութեան ընթացքին հնչեցին ազգային-հայրենասիրական կատարումներ։