ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, 24էն 25 Սեպտեմբերը «Հայ Դատի Շաբաթավերջ» հռչակելով՝ պիտի իրականացնէ վերջին տարիներուն համաճարակին պատճառով ջնջուած խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ՝ տարեկան աւանդական ձեռնարկը։
Արցախին նուիրուած Հայ Դատի խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 24 Սեպտեմբերին, իսկ տարեկան աւանդական ճաշկերոյթը՝ 25 Սեպտեմբերին։
«Համաճարակը եւ 44օրեայ պատերազմը պատճառ դարձան, որ նախորդ երկու տարիներուն ջնջենք մեր գլխաւոր ձեռնարկներէն քանի մը հատը, համայնքը վարակումներէ հեռու պահելու եւ բոլոր ջանքերը Արցախի ու Հայաստանի ապահովութեան վրայ կեդրոնացնելու նպատակով», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ աւանդական ձեռնարկին կողքին, Հայ Դատի խորհրդաժողովը դարձեալ կը կազմակերպուի, ի մի բերելու համար Արցախի հարցին մօտէն ծանօթ իրաւագէտներ, մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ։
Մեծ ժողովրդականութիւն վայլող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է՝ ներկայացնելու Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, նոյն ժամանակ պատուելու այն անհատներնը եւ կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունաելու գործին մէջ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։