


ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ մագիստրոսի եւ դոկտորի տիտղոսներու թեկնածու ուսանողներու ուսումնասիրութիւններու եւ գիտաժողովներու յատուկ կրթանպաստներու ծրագիրէն երեք կրթանպաստներ եւս կը յատկացնէ 2022ի Գարնանանյին կիսամեակին։
2019ին հաստատուած եւ մինչեւ 1000 տոլարի այս կրթանպաստներու հիմնադրամին նպատակն է՝ օժանդակել ուսանողներուն, որ աւելի դիւրութեամբ աւարտեն իրենց ուսումնասիրութիւնները կամ կարենան մասնակցիլ գիտաժողովներու, հասնելով անոնց ճամբորդական ծախսերուն։
Ընկերակցութիւնը կրթանպաստները կը տրամադրէ հետեւեալներուն.
– Աթինէ Մովսէսեան («Թաֆթց» համալսարան) կ՛ուսումնասիրէ Գանձասարի վանական համալիրի կին հովանաւորներու դերակատարութիւնը։
– Անի Օհանեան («Քլարք» համալսարան) կ՛ուսումնասիրէ 1917-1923ի միջեւ պոլշեւիկներու եւ Աթաթուրքի միջեւ գործակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։
– Արեւ Փափազեան (Կեդրոնական Եւրոպայի համալսարան) կ՛ուսումնասիրէ Սեւանա լիճի պահպանութեան եւ շրջանի բնակչութեան միջեւ խիստ լարուած յարաբերութիւնը։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան այս նախաձեռնութեան աջակցելու համար դիմել bdermatossian2@unl.edu հասցէին: