27էն 29 Մայիսին, բարձր հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ նախաձեռնութեամբ թեմի ACYO-ի Կեդրոնական վարչութեան՝ տեղի ունեցաւ երիտասարդաց տարեկան 56րդ մարզական համախմբումը:
Ամէնամեայ այս ձեռնարկը երիտասարդական չորս գլխաւոր միջոցառումներէն մէկն է, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թեմի տարբեր ծուխերէ եւ համայնքներէն երիտասարդական խումբեր՝ մրցելով մարզական զանազան խաղերու մէջ։
Բացման արարողութիւնը սկսաւ առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով եւ քաջալերական խօսքով։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդաց Կեդրոնական յանձնախումբին, որ ջանասիրաբար կը կարենան տարբեր ձեռնարկներով համախմբել թեմի երիտասարդները։
Այս երեք օրերուն ընթացքին, երիտասարդներուն կ՛ընկերակցէին նաեւ թեմի քահանաներէն՝ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Կոմիտաս քհնյ. Զօհրապեան, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, Եսայի քհնյ. Պետրոս, Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան եւ Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան։
Միջոցառումներու ամբողջ ընթացքը կ՛ուղեկցուէր ազգային երգ ու պարով եւ խաղերով։ Մշակութային բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոս Անճելըսի, Սաքրամենթոյի, Օքլընտի, Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի ծուխերու ներկայացուցիչները, Ֆրեզնոյի Հայ Պարային խումբը, ինչպէս նաեւ առանձին անհատներ։

Վերջին օրը, Կիրակի, 29 Մայիսին, երիտասարդները միասնաբար մասնակցեցան Ս. պատարագին, Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր առաջնորդը: Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մէկտեղուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք հոգեզմայլ արարողութիւններուն:
Յընթացս Ս. պատարագին, սրբազանը օրհնեց մարզական համախմբումի անդամները, ապա իր խօսքը ուղղեց անոնց՝ ըսելով. «Անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ աւելի քան յիսուն երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող ACYO-ը մեծ նուէր է մեր եկեղեցւոյ: Ձեր ներկայութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ դուք ուրախութիւն եւ յոյս կը մատակարարէք մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին: Եւ իմ ուղերձը բոլորիդ այն է, որ դուք շարունակէք ամուր պահել ձեր սիրտերու մէջ ACYO-ի հիմնադիրներու տեսլականը, որոնք ապրեցան քրիստոնէական հաւատքով, իրենց սիրտերու մէջ պահելով անոր առաքինութիւնները: Իմ խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ նաեւ ACYO-ի Կեդրոնական խորհուրդի նուիրեալ անդամներուն՝ ատենապետութեամբ Ալէն Աշիգեանի»։
Պատարագի աւարտէն ետք, եռօրեայ երիտասարդական համախմբման ձեռնարկը աւարտեցաւ մրցանակաբաշխութիւններով եւ ամփոփիչ պարահանդէսով։
Դիւան Առաջնորդարանի