ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Իտալիոյ Միլան գաւառի շրջանային խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականին Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւ մը:
Ինչպէս PanARMENIAN.Net-ին է հաղորդեց ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան, բանաձեւը որդեգրուած է՝ հակառակ Միլանի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ զայն խոչընդոտելու բուռն փորձերուն: