ԵՐԵՒԱՆ.- «Դիմադրութիւն» շարժումը՝ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով, 1 Յունիսին Ֆրանսայի հրապարակէն կիներու եւ մանուկներու քայլերթ կատարեց: Մանուկներու ձեռքին կային եռագոյն փուչիկներ եւ Հայաստանի ու Արցախի դրօշներ:
Քայլերթի խորհուրդն էր՝ արժանապատիւ ապագայ՝ ապահով հայրենիքի մէջ: Երթը անցաւ Երեւանի կեդրոնական փողոցներով. ծնողները քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին՝ միանալու իրենց պայքարին՝ յանուն վաղուան սերունդներու:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ, երթին մասնակցողները կանգ առին: Շէնքին դիմաց մանուկները գունաւոր կաւիճներով նկարեցին Արցախի եւ Հայաստանի դրօշները, ինչպէս նաեւ թողեցին՝ «Ես ուզում եմ հայ մնալ», «Արցախը հայկական է» եւ այլ բովանդակութեամբ գրառումներ:
Աւարտին, մանուկները եռագոյն փուչիկները երկինք արձակեցին:

Նոյն օրը, աւելի ուշ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը 1 Յունիսին հանդիպումներ ունեցաւ առաւել քան երկու տասնեակ արտախորհրդարանական ուժերու հետ եւ քննարկեց Արցախի վերաբերեալ շարժման հրապարակած յայտարարութիւնը, որուն շուրջ անոնք իրենց դիրքորոշումը յայտնեցին:
Ան տեղեկացուց, որ կային քաղաքական ուժեր, որոնց իրենք դիմած էին, սակայն որոնք տարբեր պատճառներով ներկայ չեղան հանդիպման: Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ խորհրդակցութիւններու առաջին փուլը ամփոփուելէ ետք պիտի հրապարակեն ցանկը այն կուսակցութիւններուն, որոնք կողմ են Արցախի հարցին մէջ «Դիմադրութիւն» շարժման հրապարակած սկզբունքներուն եւ դիրքորոշումներուն:
Ան նշեց, որ կարեւոր կը նկատեն արտախորհրդարանական ուժերուն հետ երկխօսութեան այս ձեւաչափը՝ աւելցնելով, որ նման խորհրդակցութիւններ պարբերաբար պիտի ըլլան: