
Հեքիաթահաւաքը իր աւարտին հասաւ: «Փոքրիկ» հեքիաթարանի կողմէ կազմակերպուած մանկական հեքիաթներու հաւաքին 6 երկիրներէ 39 գրողներ 50 հեքիաթներով մասնակցեցան: Հեքիաթները պայծառ լուսապատկեր մը ստեղծեցին իրենց զանազան եւ հաճելի նիւթերով:
Հեքիաթահաւաքին մասնակցող գրիչներուն կէսը Պոլիսէն է, իսկ միւս կէսը՝ Երեւանէն, Պէյրութէն, Աթէնքէն, Կիպրոսէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:
Գրեթէ հաւասար թիւով մասնակցեցան պատանիներ եւ չափահասներ: Այս պատճառով ալ, մասնակցողները բաժնուեցան երկու խումբերու՝ «պատանի գրիչներ» եւ «չափահաս գրիչներ»: Խնձորներու թիւն ալ երեքէն վեցի բարձրացաւ եւ իւրաքանչիւր գրիչ 125 տոլար մրցանակի արժանացաւ: Նաեւ յատուկ մրցանակներ բաշխուեցան:
Չափահաս գրիչներէն մրցանակի արժանացան Անի Աբիկեան (Աթէնք), Սիւզան Բռնալեան (Պոլիս) եւ Գարին Գոչ (Պոլիս): Պատանի գրիչներէն մրցանակի արժանացան Մերի Աւագեան (Երեւան), Տեսիլ Էրմէն (Պոլիս) եւ Լենա Սարըօղլու (Պոլիս):
Հեքիաթաքաղը նաեւ որոշեց «յատուկ մրցանակներ» բաժնել: Չափահաս գրիչներէն Յատուկ Մրցանակի արժանացան Աւետիք եւ Թամարա Գասպարեան (Երեւան), Պօղոս Եղիազար (Երեւան) եւ Արմինէ Մուրատեան (Երեւան): Իսկ պատանի գրիչներէն յատուկ մրցանակի արժանացան Տեսիլ Էրմէն (Պոլիս), Լարին Թոք (Պոլիս) եւ Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց նահանգէն Ճիաննա Ալեքսանտրեան, Կարէն Թոքաթլեան եւ Սելինա Փափազեան՝ իրենց միասնաբար գրած հեքիաթով:
Հեքիաթաքաղերը, այսինքն՝ հեքիաթահաւաքին աշխատակազմի անդամներն էին՝ մանկական գիրքերու հեղինակ Անահիտ Սարգիսեան, Երեւանի «Խնկօ Ապոր» մանկական գրադարանի հեքիաթի բաժինի վարիչ Իսկուհի Աւետիսեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի գործադիր տնօրէն Թամար Թիւֆէնքճեան, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ուսուցչուհի եւ «Փոքրիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Մարի Գալայճը, Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան եւ լիբանանահայ բեմադրիչ Սէրուժ Յովսէփեան, որոնք նախ բծախնդրօրէն ընթերցեցին բոլոր հեքիաթները, ապա ժողովներ գումարելով՝ որոշեցին մրցանակի արժանացող հեքիաթները:
Յառաջիկայ ամիսներուն մրցանակակիր հեքիաթները պիտի հրապարակուին «Փոքրիկ»ի կայքին վրայ՝ www.pokrig.org:
«Փոքրիկ» հեքիաթարանը հիմնուած է 2014ին, Պոլսոյ մէջ եւ մինչեւ այսօր հրապարակած է ա-աւել քան 150 հեքիաթներ՝ արեւմտահայերէնով: Անոր բոլոր հեքիաթները կը պատրաստուին 4-7 եւ 8-11 տարիքի մանուկներու համար: Այս հեքիաթներուն իւրաքանչիւրը գունաւոր, շարժուն պատկերներով պիւտի զարդարուի եւ պիտի ձայնագրուի:
(Թղթակցութիւնը՝ «Փոքրիկ»էն)