
Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յատկանշական ամիս է թէ՛ ազգային եւ թէ կրօնական իմաստներով: Մայիս ամսուան ընթացքին հայ ժողովուրդը կը նշէ իր պատմութեան մէջ բազմաթիւ յաղթանակներ, ընդ որում Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնը: Կրօնական առումով, Մայիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիսն է, որուն ընթացքին ամէն օր ջերմեռանդութեամբ կը փառաբանենք Տիրամայրը: Հոնկէ մեկնելով, 23-26 Մայիսի շաբաթը Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զանազան միջոցառումներ:
Երկուշաբթի, 23 Մայիսին, բախտաւորութիւնը ունեցանք մեր վարժարանին մէջ հիւրընկալելու հիւրաբար Միացեալ Նահանգներ գտնուող հայրենի երգիչ Արթուր Խաչենցը, որ հանրութեան ծանօթ է արցախեան 44օրեայ պատերազմի օրերէն, երբ ան միացաւ կռուող զինուորներուն, երգեց, ուժ տուաւ անոնց, աւելիով բարձրացուց անոնց մարտական ոգին եւ ամենակարեւորը՝ անոնց կողքին կանգնեցաւ:
Խաչենցը նախ աշակերտներուն խօսեցաւ հայ զինուորի մարտական ոգիին մասին, լուսարձակի տակ առնելով հայրենիքը պաշտպանելու անոնց անմնացորդ պատրաստակամութիւնը, նշելով որ զոհուած զինուորները յաւերժ կ՛ապրին մեր յուշերուն մէջ, որովհետեւ բոլորն ալ գիտակցութեամբ գացին ու իրենց կեանքը մեզի համար զոհեցին: Ան խօսեցաւ նաեւ այն երգին մասին, զոր ինք գրած է, Համօ Սահեանին բառերով՝ «Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում»՝ աւելցնելով, որ պէտք է այնպէս ապրինք, որ մահէն ետք ինչ-որ բան փոխենք այս կեանքին մէջ: Ապա ան երգեց «Գետաշէն», «Կիլիկիա», «Հայեր Միացէք», «Զարթիր Լաօ» եւ «Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի կեանքում» երգերը, որոնց ընթացքին աշակերտները խանդավառեց հայրենասիրական շունչով եւ անոնք երգելով միացան Արթուր Խաչենցին:
Մայիս ամսուան ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ մեր աշակերտները կատարեցին մարեմական ջերմեռանդութեան աղօթքներ: Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին, տեղի ունեցաւ ջերմեռանդութեան ամսուան աւարտի թափօրի արարողութիւնը: Աշակերտները երգեցին Աստուածամօր նուիրուած շարականներ, «Լիթանիա»ն եւ աղօթեցին Ս. Վարդարանը:


Վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան պատգամ փոխանցելով՝ աշակերտներէն խնդրեց, որ, նոյնիսկ դպրոցը աւարտելէ ետք, միշտ իրենց սիրտերուն մէջ պահեն այն, ինչը դպրոցին մէջ սորվեցան: Քոյր Լուիզան նաեւ յորդորեց աշակերտներուն, որ միշտ աղօթեն Աստուածամօր եւ խնդրեն անոր բարեխօսութիւնը:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ տօնակատարութիւն՝ նուիրուած Համբարձման տօնին, երբ Քրիստոս իր հրաշափառ յարութենէն ետք համբարձաւ երկինք: Այդ օր Ս. պատարագէն ետք, որ մատուցեց Բարսեղ Ծ. վրդ. Պաղտասարեան, աշակերտները հաւաքուեցան վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր կատարուեցաւ հայկական աւանդական գեղարուեստական յայտագիր մը: Աշակերտները այդ առիթով հանդէս եկան շարք մը պարերով, կարդացին քառեակներ, այնուհետեւ վիճակ քաշուեցաւ թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչական ու տեսչական կազմերուն համար: Յայտագիրը պատրաստած էր հայերէնի ուսուցչուհի Մարօ Գույումճեան:
Հինգշաբթի, 26 Մայիսին, տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարեդարձին նուիրուած կոկիկ հանդիսութիւն: Այանա Համամճեան հակիրճ կերպով եւ երկլեզու ներկայացնելէ ետք Սարդարապատի յաղթանակին պատմականը, աշակերտները կատարեցին ասմունքներու շարք մը:

Այնուհետեւ, վարժարանիս փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան պատգամ փոխանցելով՝ նշեց, որ թէեւ երկար տարիներ օտար տիրապետութեան տակ ապրելէ ետք, առաջին Հանրապետութեան հռչակումը դժբախտաբար շատ երկար չտեւեց, բայց մենք այսօր ազգովին կը տօնենք համախմբուած ու միասնականօրէն մարտնչած, Սարդարապատի յաղթանակ կերտած հայ ժողովուրդի խիզախութիւնը, հայրենասէր ու հայրենատէր ոգին եւ աննկուն կամքը, եւ այդ ոգին ու կամքն է, որ սերունդները ներշնչած է հայրենիքին տէր կանգնելու՝ դէմ դնելով անոր սպառնացող թշնամիներուն եւ վտանգներուն: Աւարտին, Պոյաճեան, յորդորեց աշակերտները, որ միշտ հաւատան յաղթանակներ կերտելու հայու կարողութեան եւ ուժին:
Յաղթանակներու խորհուրդով եւ անկոտրում կամքի դրսեւորումով, Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները հայկական դրօշներ ծածանելով՝ հայրենասիրական երգերով, տողանցեցին դպրոցին շրջափակին մէջ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)