ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երեքշաբթի օր, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց վերջին քանի մը օրերուն Հասիչէի հիւսիս-արեւմտեան Թալ Թամրի, Ապու Ռասինի եւ այլ գիւղերու մէջ թրքական ուժերուն մղած թշնամական զինուորական գործողութիւնները, որոնց պատճառով արձանագրուեցան զոհեր, նիւթական ահաւոր վնասներ եւ տեղահանուեցան հարիւրաւոր ընտանիքներ: «Սուրիա պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ բոլոր կողմերը, որոնք կը ջանան թրքական համակարգին Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրագործած ոճիրները արդարացնել եւ Էրտողանի թշնամական քաղաքականութիւնը արդարացնել կամ քողարկել: Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը թրքական համակարգին եւ անոր դաշնակից Ուաշինկթընին ու կարգ մը արեւմտեան երկիրներու կողմէ կ՛անտեսուին, սակայն մենք պիտի չզիջինք մեր սկզբունքներէն եւ իրաւունքներէն: Թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հրհրուող ոտնձգութիւնները կը հակասեն միջազգային որոշումներուն, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման», յայտնեց նախարարութիւնը:
Նշենք, որ թրքական ուժերուն իրերայաջորդ յարձակումներուն պատճառով, միայն Ապու Ռասին շրջանէն առաւել քան 130 ընտանիքներ տեղահանուցեան: