
Կիրակի, 29 Մայիսի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ վարդապետներու, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Եփրեմ արք. Թապագեանի եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան առիթով, հոգեւոր տէրը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքին, սեղանակից ունենալով Հայ եկեղեցւոյ սրբազան արքեպիսկոպոսներ, Կրօնական ժողովի անդամներ, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ իրենց կողակիցներով էւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ:
Առաջնորդին կողմէ կազմակերպուած երեկոյին ընթացքին, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան առաջին հերթին պատրիարքին փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ապա հանդէս եկաւ դրուատիքի խօսքերով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ հայութեան հոգեւոր ներկայացուցիչին եւ անոր շքախումբին, Ազգային առաջնորդարան իրենց այցելութեան համար, միաժամանակ յայտնելով հաւատք եւ յոյս, որ հայրենիքի ու ազգի բազմաթիւ տագնապներ, հաւաքական աղօթքով ու ճիգերով, հետզհետէ կը մեղմանան ու իրենց բարւոք լուծման կը յանգին:


Իր կարգին, հոգեւոր տէրը երախտագէտ սիրտով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ կազմակերպուած շքեղ ընդունելութեան համար, ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց ուժ եւ կորով, իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայութիւններուն մէջ:
Այս առիթով, աւուր պատշաճի խօսք արտասանեցին նաեւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան:
Ընթրիքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեց հոգեւոր տիրոջ:
Երեկոյին, գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան թենոր Պերճ Քիրազեան եւ դաշնակահարուհի Արմինէ Տէրտէրեան:
Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազանը 27 Մայիսի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ հոգեւոր տիրոջ «Հրաշափառ»ի արարողութեան, իսկ 4 Յունիսին, ան ներկայ պիտի գտնուի կաթողիկէ պատրիարքին ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւն-ընթրիքին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ