ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սառեցուած հակամարտութիւններու վերաբերեալ ՎՈՒԱՄ նախաձեռնութեան հարցով Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է:
Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ նշեց, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ընդունած բանաձեւը կը կրէ զուտ խորհրդատուական եւ յանձնարարական բնոյթ եւ պարտադիր չէ կատարման համար:
Նախարար Օսկանեան նշեց նաեւ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներէն բանաձեւին կողմ քուէարկած է Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսան ձեռնպահ մնացած է, իսկ Ռուսիա դէմ քուէարկած է. «Դա ամենեւին չի վերաբերում ԵԱՀԿ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով ՄԽ գործունէութեանը:
Ճիշդ է, եթէ յանկարծ ՄԱԿը որոշի քննարկումներ սկսել Ղարաբաղեան կարգաւորման վերաբերեալ, ապա Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը բանակցութիւններին պարտադիր կը լինի», ընդգծեց Վարդան Օսկանեան:
Անդրադառնալով ԼՂՀ մերձակայ տարածքներուն մէջ հրդեհներու հարցի քննարկումին՝ նախարար Օսկանեան յայտարարեց, թէ արդէն կազմուած է փորձագիտական խումբ, որ տարածաշրջան պիտի ժամանէ դիտարկման նպատակով. «Մենք մեր կողմից խոստացել ենք փորձագէտներին լիակատար աջակցութիւն այդ հարցում», նշեց Հայաստանի ԱԳ նախարարը: