ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս-Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը տարբեր ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան ու Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրին մասին կատարուող յայտարարութիւններուն նկատմամբ՝ միանշանակ է եւ արտայայտուած է քանի մը անգամ՝ նախագահին ու Ազգային ժողովին կողմէ:
«Արցախփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մեկնաբանութիւնը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան, որ յիշեցուց Դեկտեմբեր 2021ին նախագահ Յարութիւնեանի հրապարակած դրոյթներէն քանի մը հատը։
«Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահման եւ զիջման ենթակայ չէ: Այդ հարցի բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է: Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը իշխանութիւնների ուղենիշն է մնում: Ադրբեջանի կազմում որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է: Ոչ միայն կարգավիճակի, այլեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձն անցեալին անընդունելի է: Արցախի Հանրապետութիւնն ունի իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու խնդիր», յայտնեց Աւանեսեան:
Արցախի նախագահի խօսնակը դիտել տուաւ, որ Արցախի իշխանութիւնը իր քաղաքականութիւնը կը կառուցէ եւ կ՛իրականացնէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրին եւ մայր օրէնքին համապատասխան՝ համագործակցելով բոլոր գործընկերներուն հետ: