ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան պիտի այցելէ Իրան, Սուրիա եւ Լիբանան։ Ան Իրան պիտի այցելէ Դեկտեմբեր 3ին, սակայն շրջապտոյտի մնացեալ այցելութիւններուն վերջնական թուականները ցարդ չեն ճշդուած։ Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան մասին յայտնուեցաւ, թէ Էրտողան ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին մաս կազմող թրքական զօրամասին պիտի այցելէ եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ պիտի քննէ երկրին վերջին զարգացումները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.